Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրենժիէ. «Չենք Ամչնար Դիմադրութեան Զօրակցելէ»

Սեպտեմբեր 11, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ. «Միացեալ Նահանգներու կողմէ հաստատուած պատժամիջոցները` այն պատճառաբանութեամբ, թէ մենք քաղաքական առումով Դիմադրութեան կը զօրակցինք, մեզ ամօթալի կացութեան չեն մատներ: Դիմադրութեան զօրակցելէ չենք ամչնար, այլ կը հպարտանանք այս կեցուածքով, որ պիտի մնայ անփոփոխ»:

Ֆրենժիէ յատնեց, որ նախկին նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները քաղաքական ուղղակի թիրախաւորում կը նկատուին` աւելցնելով, որ անոնք պատժամիջոցները արձակելէ ետք է, որ զանոնք արդարացնելու պատճառաբանութիւններ փնտռած են:

«Ամերիկեան այս որոշումը տրուած է խախուտ ենթահողի վրայ: Մեծ թիւով կապալառուներ հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան հետ կը գործակցին տասնեակ տարիներէ ի վեր, ինչո՞ւ Ուաշինկթըն այսօր զարթնեցաւ: Ֆընիանոս պայմանագիրներ եւ նուազուրդներ ստորագրած է Պշարրէի կապալառուներու հետ, որոնք Լիբանանեան ուժերու մօտիկ են, ինչպէս նաեւ Լեռնալիբանանի կապալառուներուն հետ, որոնք Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մտերիմ են: Կան նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի եւ «Աունական»-ներու մօտիկ կապալառուներ, որոնք տարբեր շրջաններու մէջ ծրագիրներ ստանձնած են», ըսաւ ան:

Ֆրենժիէ նշեց, որ բնական է հարաւային Լիբանանի եւ Պաալպեք-Հերմելի մէջ ըլլան կապալառուներ, որոնք մտերիմ են Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի: «Հետեւաբար մենք այս ճշմարտութեան մէջ ոչ մէկ հարց կը գտնենք եւ կը վերահաստատենք մեր զօրակցութիւնը Դիմադրութեան ուղեգիծին ու անոր ռազմավարական ընտրանքներուն», յայտնեց ան:

Ան ընդգծեց, որ ոչինչ կը փոխէ Դիմադրութեան եւ անոր զօրակցելու իրենց համոզումը, ընդհակառակն` իրենց վրայ բանեցուած այս ճնշումը զիրենք կը մղէ յաւելեալ կառչածութեամբ փարելու Դիմադրութեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ ամերիկեան պատժամիջոցները կրնա՞ն իրենց ազդեցութիւնը ունենալ ֆրանսական նախաձեռնութեան եւ կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն վրայ` Ֆրենժիէ յայտնեց, որ ինք կը բացառէ նման ազդեցութիւն:

Ան աւելցուց սակայն, որ ինք հեռուէն կը հետեւի կատարուած զարգացումներուն` նշելով, թէ երբ իրենց խորհուրդին դիմեն, իրենք կարծիք կրնան տալ: «Կառավարութեան մաս կազմելու մեր որոշումը անոր կառուցուածքէն կախեալ է», ըսաւ Ֆրենժիէ:

Նախորդը

Արաժի. «Կեդրոնական Դրամատունէն Պիտի Պահանջենք Չկասեցնել Դեղորայքի Համար Իր Տրամադրած Նպաստը»

Յաջորդը

Բանակը Վար Առաւ Իսրայէլեան Անօդաչու Սարք Մը

RelatedPosts

Ըստ «Մաարիւ»-ի.  Իսրայէլեան Բանակը Կը Սպառնայ «Հըզպալլայի  Գլխատման» Լայնածաւալ Գործողութիւն Շղթայազերծել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Մաարիւ»-ի. Իսրայէլեան Բանակը Կը Սպառնայ «Հըզպալլայի Գլխատման» Լայնածաւալ Գործողութիւն Շղթայազերծել

Նոյեմբեր 6, 2025
Սալամ. «Վերաշինութիւնը Ամբողջ  Կառավարութեան Համար Ազգային Առաջնահերթութիւն Է»
Լիբանանեան

Սալամ. «Վերաշինութիւնը Ամբողջ Կառավարութեան Համար Ազգային Առաջնահերթութիւն Է»

Նոյեմբեր 6, 2025
Հէյլ. «Եթէ Հըզպալլան Հրթիռներ Արձակէ,  Իսրայէլ Հակադարձելով Լիբանանը Պիտի Ռմբակոծէ»
Լիբանանեան

ՀԷՅԼ. «Լիբանանի Մէջ Մագլցումի Վտանգը Տակաւին Կը Մնայ, Սակայն Անխուսափելի Չէ»

Նոյեմբեր 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?