Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Աղէտէն Աւելի Քան Ամիս Մը Ետք… Հրդեհ Նաւահանգիստին Մէջ` Աղէտի Կրկնութեան Մղձաւանջով Լեցուն

Սեպտեմբեր 11, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ կէսօրուան ժամը 1:00-ին լիբանանցիները վերապրեցան 4 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 6:07-ին ապրած իրենց վախի պահերը եւ խառնակ ներաշխարհը:

Տակաւին նաւահանգիստը հարուածած հսկայական պայթումին ցնցումին ազդեցութեան տակ գտնուող աղէտահար  քաղաքացիները սարսափով հետեւեցան Պէյրութի նաւահանգիստի ազատ գօտիին մէջ բռնկած հսկայական հրդեհին:

Նաւահանգիստի շրջակայքը, մայրաքաղաք Պէյրութի եւ անոր արուարձաններուն մէջ տիրեց խուճապահար մթնոլորտ, որ շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր:

Մինչեւ լրատուամիջոցներուն եւ պատասխանատուներուն կողմէ կատարուած ճշդումները, թէ հրդեհը կը ծաւալի, որովհետեւ անոր մօտ գտնուող պահեստանոցներուն մէջ կ՛այրին մեծ քանակութեամբ ձէթ եւ անիւներ, խուճապահար եւ ահ ու սարսափ ապրող լիբանանցին վերապրեցաւ շուրջ հինգ շաբաթ առաջուան աղէտի մղձաւանջը:

Խուճապի մատնուելու այլ պատճառ եղան նաեւ իսրայէլեան օդանաւերը, որոնք ժամը շուրջ 12:00-ին` հրդեհէն գրեթէ ժամ մը առաջ, Պէյրութի, Մեթնի եւ Քեսրուանի վերեւ կը կատարէին ցած մակարդակի թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ:

Հրդեհէն զգուշանալու եւ դէպքին վայրէն հեռանալու մասին չմտածեցին միայն անոնք, որոնք լուսանկարելու մարմաջը ունէին եւ կամ` հրդեհը վկայելու հետաքրքրութիւնը:

Անոնք հաւաքուեցան «Շարլ Հըլու»-ի կամուրջին վրայ, սակայն Ներքին ապահովութեան ուժերը հեռացուցին զանոնք` պահպանելու համար անոնց անվտանգութիւնը:

Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը իսկոյն փութացին հակակշիռի տակ առնելու հրդեհը:

22 հրշէջ ինքնաշարժներ, 150 հրշէջներ, լիբանանեան բանակի 4 հրշէջ ուղղաթիռներ, ինչպէս նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու ջրցան մեքենաներ օժանդակեցին` մարելու համար հետզհետէ սաստկացող հրդեհը:

Շուրջ վեցուկէս ժամ ետք` երեկոյեան ժամը 9:00-ին, քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը յայտարարեցին, որ կրցած են հրդեհը 90 առ հարիւրով հակակշիռի տակ առնել:

Յետմիջօրէին կատարուած պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ պատասխանատուներ հաստատեցին, որ հրդեհը կը գտնուի իրենց վերահսկողութեան տակ` հերքելով հրդեհի ընդարձակման հաւանականութիւնը:

Բարեբախտաբար, մարդկային վնասներ չարձանագրուեցան:

Հանրօգուտ շինութեանց նախարարի պաշտօնակատար Միշել Նաժժար յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ բռնկած հրդեհին պատճառը վերանորոգման աշխատանքներուն ընթացքին ելեկտրական կտրիչի օգտագործումն է, որուն կայծերը պատճառած են հրդեհը:

Նաժժար յայտնեց, որ հրդեհին մասին հետաքննութիւնը պիտի սկսի հրդեհի շիջումէն ետք, մինչդեռ լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ զինուորական ոստիկանութիւնը արդէն իսկ սկսած է հետաքննութեան` բացայայտելու համար այդ դէպքին բոլոր մանրամասնութիւնները:

Պէյրութի նահանգապետ Մարուան Ապպուտ քաղաքացիներէն պահանջեց հեռանալ նաւահանգիստի մօտակայքէն` պաշտպանելու համար անոնց ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ չարգելակելու համար հրշէջներու խմբակներուն աշխատանքը:

Քաղաքացիական պաշտպանութեան ընդհանուր տնօրէն գնդապետ Ռեմոն Խաթթար կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն` խուճապի չմատնուելու` ընդգծելով, որ հրկիզուող պահեստանոցներուն մէջ պայթուցիկ նիւթեր չկան: Ան պահանջեց ջուր փոխադրող բեռնատարներու սեփականատէրերէն ուղղուիլ նաւահանգիստ եւ հրշէջ մեքենաներուն ջուր հասցնելու:

Պէյրութի նաւահանգիստի տնօրինման եւ յանձանձումի վարչութեան ընդհանուր տնօրէն Պասեմ Քայսի նշեց, որ հրկիզուած պահեստանոցները կը պատկանէին «Պի. Սի. Սի.» ընկերութեան:

Լիբանանեան Կարմիր Խաչի ընդհանուր քարտուղար Ժորժ Քըթթանէ հաստատեց, որ հրդեհը դիտումնաւոր կերպով չէ յառաջացած` ընդգծելով, որ լիբանանեան բանակին հսկողութեամբ ամէն բան հակակշիռի տակ եղած է:

Քըթթանէ կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն` դիմակներ գործածելու եւ բնակարաններուն պատուհանները փակ պահելու:

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդի Նիստ

Երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Պաապտայի մէջ նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն աւարտին նշուեցաւ, թէ քննարկուած է նաւահանգիստին մէջ զետեղուած վտանգաւոր ու պայթուցիկ նիւթերը` համապատասխան օրէնքներով եւ չափանիշներով փճացնելու կարեւորութիւնը` կանխարգիլելու համար յաւելեալ աղէտներ:

Խորհուրդը համապատասխան ապահովական ուժերէն եւ նաւահանգիստի վարչութենէն պահանջեց ստուգել պահեստանոցներուն բովանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ հոն գտնուող բեռնարկղերը:

Նախագահ Աուն նիստին ընթացքին ողջունեց բանակը, քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերն ու հրշէջները` իրենց ի գործ դրած հսկայական ջանքերուն համար:

Ան ընդգծեց, որ այլեւս ընդունելի չէ որեւէ տեսակի սխալ, յատկապէս այնպիսի սխալ մը, որ նման հսկայ հրդեհ կը պատճառէ:

«Ինչ որ ալ ըլլան այսօրուան հրդեհին դրդապատճառները, պէտք է բացայայտել զանոնք եւ պատասխանատուութեան կանչել յանցագործները», դիտել տուաւ ան:

Նախագահ Աուն պահանջեց, որ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Միշել Նաժժարի գլխաւորութեամբ, կազմուի յանձնախումբ մը, որ նաւահանգիստին մէջ նոր աշխատելաձեւ մը մշակէ` երաշխաւորելով հանրութեան անվտանգութիւնը:

Իր կարգին, հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապ յայտնեց, որ նաւահանգիստին մէջ պատահածը լիբանանցիներուն տրուած նոր հարուած մըն է, անհոգութեան հետեւանք եւ լիբանանեան պետութեան ու հանրութեան հասցէին նոր անարգանք:

Տիապ շեշտեց, որ պէտք է հետաքննութիւն բանալ այս դէպքին շուրջ եւ ճշդել հրդեհին պատասխանատուները, որպէսզի կարելի ըլլայ ժողովուրդին հարցումներուն պատասխաններ տրամադրել:

Սուուան Հարցաքննեց Նաժժարն Ու Սալիպան

Նշենք, որ Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու, դատաւոր Ֆատի Սուուան, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին կապուած հարցաքննութիւնները շարունակելու շրջագիծին մէջ, երէկ հարցաքննեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Միշել Նաժժարն ու Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպան:

Սուուան երկուշաբթի, 14 սեպտեմբեր 2020-ին պիտի հարցաքննէ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Եւ Հասսան Տիապ Յետաձգեցին Երեսփոխանական Մասնակի Ընտրութիւնները

Յաջորդը

Հայաստան` Ռուսիոյ, Չինաստանի, Իրանի, Փաքիստանի Եւ Այլ Երկիրներու Հետ Պիտի Մասնակցի Միացեալ Զօրավարժութիւններուն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?