Երէկ տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի կայուն բարգաւաճման 8-րդ միջազգային առցանց վեհաժողովը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին երկիրներու նախագահներ եւ ղեկավարներ: Վեհաժողովին նպատակն էր քննարկել «Քորոնա» ժահրի համաճարակի հետեւանքները յաղթահարելու ուղիները եւ իրականացնել յառաջիկայ տասնամեակին համար նախատեսուած կայուն զարգացման համար ճշդուած նպատակները:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Լիբանան, հակառակ իր դիմագրաւած դժուարին պայմաններուն, կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը` աշխատելու ՄԱԿ-ի 17 նպատակներուն ուղղութեամբ, որոնք կը միտին կայուն բարգաւաճում ապահովել մինչեւ 2030 թուական, որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ աւելի լաւ աշխարհի մը` բոլորին եւ յաջորդ սերունդներուն համար:
Նախագահ Աուն նշեց, որ աշխարհը այսօր կը դիմագրաւէ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնք ուղղակիօրէն իրենց անդրադարձը ունեցան բոլոր երկիրներուն վրայ, յատկապէս ընդգծելով Լիբանանի պարագան, որ կրեց յաջորդական ցնցումներ, ներառեալ` սուրիացի տեղահանուածներու տագնապը, «Քորոնա» ժահրի համաճարակը, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը եւ ատոր ստեղծած մարդկային, նիւթական, տնտեսական մեծ վնասները, որոնք պիտի բարձրացնեն նաեւ աղքատութեան մակարդակը, որ արդէն իսկ 45 տոկոս կը կազմէր նախքան պայթումը: Ըստ հանրապետութեան նախագահին, Համաշխարհային դրամատունը պայթումին նիւթական վնասները գնահատած է 4,5 միլիառ ամերիկեան տոլարով, տնտեսական վնասները` մօտ 3,5 միլիառ տոլարով, իսկ վերաշինութեան կարիքներուն ծախսը` 2 միլիառ տոլարով:
Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանին օժանդակութիւն ցուցաբերած բոլոր երկիրներուն` շեշտելով, որ օժանդակութիւնները պէտք է հասնին կարիք ունեցողներուն, պէտք է նաեւ նախքան ձմեռնամուտ վերանորոգել մօտաւորապէս 200 բնակարանային միաւորները, որոնք վնասուած են կամ ամբողջովին քանդուած, ինչ որ պատճառ դարձած է 300.000 քաղաքացիներու անտուն մնալուն: Նախագահ Աուն աւելցուց, որ պէտք է վերակառուցել Պէյրութի նաւահանգիստը` Լիբանանի տնտեսութեան կենսական զարկերակը, եւ յաղթահարել բոլոր մարզերուն` առողջապահութեան, կրթութեան, սննդեղէնի, շինարարութեան, զբօսաշրջութեան կրած ծանր վնասները:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան այսօր աւելի մեծ աջակցութեան կարիք ունի միջազգային ընտանիքէն եւ ՄԱԿ-էն, որպէսզի յաջողի շրջանցել այս արտակարգ կացութիւնը` ուղղորդուած աշխատանքներու եւ պետական մարմիններու հետ սերտ համագործակցութեան միջոցով, ծրագրաւորելով մարդասիրական օգնութիւնը` տնտեսական եւ ընկերային կայունութիւնը ապահովելու համար, եւ ցանկալով հասնիլ կայուն զարգացման` լուծելու ներկայ խնդիրները եւ պատրաստուելու ապագայ պահանջներուն: