Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Կազմութիւնը` Ներքին Թէ Արտաքին Կողմերու Առանցքային Առաջնահերթութիւն

September 21, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

31 օգոստոս 2020-ին, Պերլինի մէջ Լիբանանի դեսպան Մուսթաֆա Ատիպի վարչապետ նշանակումէն ի վեր Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը առանցքային կարեւորութիւն ստացած է ներքին թէ արտաքին շրջանակներու մօտ, յատկապէս մեկնելով այն մտավախութենէն, թէ թափուր վարչամեքենայի ձգձգումը կրնայ պարարտ հող ստեղծել նոյնինքն Լիբանանի ընդհանուր վարչաձեւի բնոյթին վերանայման: Փաստօրէն, այս հաւանականութիւնը մէկէ աւելի առիթներով շեշտուեցաւ լիբանանեան թէ միջազգային ղեկավարներու կողմէ: Առաջին հերթին ազդանշանը եկած էր Ֆրանսայէն, երբ Լիբանանի «Հոգատար մօր» ղեկավարներ զգուշացուցած էին, թէ Լիբանան կը գահավիժի դէպի անդունդ: Նախագահ Մաքրոն փութացած էր Լիբանան ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին փրկելու Լիբանանը անոր սպառնացող ներքին թէ արտաքին վտանգներէն: Նմանապէս Միացեալ Նահանգներ եւ եւրոպական այլ կազմակերպութեանց ղեկավարներ իրենց մտավախութիւնները արտայայտեցին` իւրաքանչիւրը զօրակցութեան եւ օժանդակութեան ի՛ր ոճը առաջարկելով: Նոյն ծիրին մէջ, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերահաստատեց Լիբանանի զօրակցութեան եւ օժանդակութեան իր պատրաստակամութիւնը` միաժամանակ կոչ ուղղելով լիբանանեան կողմերուն` անյապաղ փութացնելու Լիբանանի ազգային փրկութեան կառավարութեան կազմութիւնը:

Նմանապէս կառավարութեան կազմութեան ուշացումը դուռը լայն բացաւ լիբանանեան կողմերու միջեւ փոխադարձ քննադատութիւններու, որոնց ընթացքին իւրաքանչիւրը փորձեց արդարացնել Լիբանանի փրկութեան ի՛ր վարկածը: Հոգեւոր պետեր եւս անմասն չմնացին եւ իրենց կիրակնօրեայ պատգամին մէջ առանցքային կարեւորութեամբ շեշտեցին կառավարութեան կազմութեան հրամայականը: Այս իմաստով մարոնիներու Ռայի պատրիարք հարց տուաւ, թէ ի՞նչ հանգամանքով համայնք մը կը պահանջէ ու կը պնդէ ունենալ որոշ նախարարութիւն մը` կարծէք ատիկա իր սեփականութիւնը ըլլայ: Նմանապէս Յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ առաջնորդ քննադատեց իշխանութեան ղեկավարները` նշելով, թէ, երբ իշխանաւորներ կը վիճին իրենց համայնքային բաժնեկցութեան շուրջ, անդին երկիրը դէպի գահավիժում կ՛ընթանայ:

Այս իմաստով եւս, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ հարց տուաւ, թէ բաժնեկցութեան հաշուարկներէն ու իրաւասութեանց հակամարտութենէն հեռու` կառավարութեան մը կազմութեան ձախողութեան դիմաց անհրաժեշտ է հարց տալ, թէ մենք կը գտնուինք իշխանութեա՞ն, թէ՞ վարչաձեւի տագնապի դիմաց: «Երկու պարագաներուն ալ, կարելի չէ շարունակել այս մահասփիւռ իրավիճակին մէջ», ընդգծեց Ազգային ազատ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան «Թուիթըր»-ի վրայ երէկ կատարած իր գրառումով:

Վարչաձեւի փոփոխութեան մտավախութեան զօրաշարժի մատնած էր նաեւ լիբանանեան կարգ մը կողմեր, որոնք արդէն իսկ պատրաստած են նախատեսուող «Նոր Լիբանան»-ի մը տեսլականը` «Վարչական եւ ելեւմտական ընդլայնուած ապակեդրոնացում»,  «Քաղաքային Լիբանան» եւ այլ պիտակներու տակ: Այս բոլորին զուգահեռ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն իրաւարարի, աւելի քան փրկարարի նախաձեռնութեամբ իր կարգին լծուեցաւ քուլիսային աշխուժ ճիգերու` առնչակից կողմերուն հետ: Հոսկէ` վերջերս նշանակեալ  վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպի ներկայացուցած դահլիճի կազմի անուանացանկի «սեւագրութեան» գծով նախագահ Աունի առաջադրած յաւելեալ ժամանակի կոչը` ապահովելու համար վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպի կազմելիք կառավարութեան վաւերացումը լիբանանեան խորհրդարանին կողմէ, ուր 61 քուէներ անհրաժեշտ են անոր մեկնարկին համար:

Միաժամանակ նախագահ Աուն մնայուն կապի մէջ է ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին հետ` հեռաձայնային թէ այս վերջինի ներկայացուցիչին ճամբով: Այս ծիրին մէջ յառաջիկայ օրերը, եթէ ոչ ժամերը, խիստ կարեւոր կը թուին կառավարութեան կազմութեան «սպիտակ ծուխ»-ի բարձրացման իմաստով:

 

 

 

Նախորդը

Ճեսիքա Պեզճեանի Եւ Տելիա Փափազեանի Մահուանց Քառասունքին Առիթով. Երեսփոխան Յակոբ Թերզեան. «Հաշուետուութեան Կանչել Նաւահանգիստի Ոճիրին Պատասխանատուները»

Յաջորդը

Մէկ Օրուան Մէջ 1006 Վարակուածներու Լոյսին Տակ. Նախարար Համատ Հասան Կը Զգուշացնէ` Վտանգաւոր Կացութենէն Առաջարկելով Երկու Շաբաթով «Փակել» Երկիրը

RelatedPosts

Ռեզայի. «Լիբանանի Մէջ Պատերազմին  Վերջ Տալը Մեր Հիմնական Պայմաններէն Մէկն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Լիբանանի Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալը Մեր Հիմնական Պայմաններէն Մէկն Է»

November 12, 2026
Պարրօ Եօթներու Խմբակին Մէջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Բացէն Խուսափելու Համար  «Համաձայնութեան» Մասին Կը Խօսի
Լիբանանեան

Պարրօ Եօթներու Խմբակին Մէջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Բացէն Խուսափելու Համար «Համաձայնութեան» Մասին Կը Խօսի

November 12, 2026
Իրաքցի Նախկին Երեսփոխան Մը  Թարիք Ժտիտէի Մէջ Սպաննուած Գտնուեցաւ
Լիբանանեան

Իրաքցի Նախկին Երեսփոխան Մը Թարիք Ժտիտէի Մէջ Սպաննուած Գտնուեցաւ

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.