Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանրապետութեան Նախագահին Զանազան Տեսակցութիւնները Եւ Մաքրոնի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւնը

Սեպտեմբեր 19, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահութեան տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդեց, որ երէկ նախագահ Աուն ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ, որոնց ընթացքին քննարկուեցան դատական, դիւանագիտական եւ քաղաքական հարցեր:

Աուն-Նաժըմ Հանդիպում

Նախագահ Աուն ընդունեց Արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատար Մարի Քլոտ Նաժըմը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ծանրաբեռնուած բանտերու հարցը լուծելու համար շարք մը բանտարկեալներու յատուկ ներում շնորհելու նիւթը, ինչպէս այդ ուղղութեամբ առնուելիք քայլերը:

Սէուտական Արաբիոյ Դեսպան

Դիւանագիտական գետնի վրայ, նախագահ Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուտանի դեսպան Ալի Սատիք Ալին, որ կ՛աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը Լիբանանի մէջ: Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին` տարբեր մարզերու մէջ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զարգացման ուղղութեամբ թափած ճիգերուն համար:

Երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ

Քաղաքական գետնի վրայ, նախագահ Աուն ընդունեց երեսփոխան Ասաատ Տըրղամը, որուն հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր կացութիւնը եւ իրավիճակը Աքքարի մէջ` յատկապէս ապահովական ու զարգացման տեսանկիւնէն, ինչպէս նաեւ շրջանի կարիքները:

Աուն-Մաքրոն Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Հանրապետութեան նախագահը երէկ նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան թղթածրարի վերջին զարգացումները: Երկու նախագահները համաձայնեցան, որ անհրաժեշտ է շարունակել ջանքեր գործադրել տարբեր մակարդակներու վրայ` սահմանափակ ժամկէտի մէջ ապագայ կառավարութեան ծնունդը ապահովելու համար:

Ֆրանսայի նախագահը յոյս յայտնեց, որ նախագահ Աուն ի գործ դնէ բոլոր ջանքերը` հասնելու համար դրական արդիւնքի` նշելով, որ ինք իր կարգին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ պիտի կատարէ:

 

 

 

 

Նախորդը

Թերզեան. «Պէտք Է Ստեղծել Յստակ Մեքանիզմներ Եւ Սկսիլ Հատուցում Կատարել Պայթումէն Տուժածներուն»

Յաջորդը

Նախագահ Աունի Խօսքը` ՄԱԿ-ի Կայուն Բարգաւաճման Առցանց Վեհաժողովին Ընթացքին

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»
Լիբանանեան

Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?