Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 23, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն իրաւունք ունի, երբ կ՛ըսէ, թէ ուժային նախարարութիւնները պէտք է ստանձնեն աւելի քիչ թիւ ունեցող համայնքները:

ՀԶՕՐ Լիբանան պլոքի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ յոյն կաթողիկէ համայնքի Եուսեֆ Ապսի պատրիարքին հետ: Մաալուֆ շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին քրիստոնեայ փողոցին մէջ կացութիւնը հանդարտ պահելու:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա կոչ ուղղեց արագացնելու կառավարութեան կազմութեան ջանքերը` ընդգծելով, որ կառավարութիւնը պէտք է անմիջապէս կազմել եւ անցնիլ բարեկարգումներու գործադրութեան:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Նիքոլա Թուէյնի երէկ յայտնեց, որ թշնամի Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներու հետ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն «Էֆ. 35» տիպի կործանիչներ վաճառելու համաձայնութիւն մը գոյացնելու ճիգին մէջ է, մինչ Լիբանան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ կառավարութիւն մը կազմելու:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շարպել Նահհաս շեշտեց, որ Լիբանան իսկական կարիքը ունի քաղաքացիական պետութեան մը` հիմնուած հաստատ օրինականութեան մը վրայ, որ զերծ է կուսակցութիւններէն եւ համայնքներէն:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիչ հանդիպումներ ունեցաւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի եւ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նշենք, որ Քուպիչ շաբաթավերջին այցելեց Գահիրէ, ուր ան հանդիպումներ ունեցաւ Եգիպտոսի արտաքին գործող նախարար Սամեհ Շուքրիի եւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի հետ: Քուպիչ եգիպտացի պատասխանատուներուն հետ իր հանդիպումները նկատեց կարեւոր եւ արդիւնաւէտ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ ոչ ոք կը փափաքի թիրախ դարձնել շիի համայնքը` աւելցնելով, որ իրենք համաձայն են նախարարութիւններու ամբողջական հերթափոխութեան, ինչպէս նաեւ կը մերժեն, որ նոր կառավարութեան մէջ երեսփոխանական պլոքները նշանակեն իրենց նախարարները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը մէջ յայտնեց, որ Իրան եւ Միացեալ Նահանգներ չեն փափաքիր, որ Լիբանանի մէջ կառավարութիւն մը կազմուի` աւելցնելով, որ ինք համաձայնութեան աջակցողներէն է:

Նախորդը

Ազգային Առաջնորդարանը Կը Ստանձնէ Հոգեբանական Բարդութիւններ Ունեցողներու Դարմանումի Հարցերը Հետապնդելու Պարտականութիւնը

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 30.838-ի, Մահուան Պարագաներունը` 2091-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 12.878-ի

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.