Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկեան Նոր Պատժամիջոցներ` Լիբանանի Մէջ Գտնուող Երկու Ընկերութիւններու Դէմ

Սեպտեմբեր 18, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սթիվըն Մնուչի յայտարարեց, որ OFAC-ը` նախարարութեան պատկանող արտասահմանեան կալուածներու վերահսկողութեան գրասենեակը, պատժամիջոցներ սահմանած է Լիբանանի մէջ հիմնուած Arch Consulting եւ Meamar Construction ընկերութիւններու նկատմամբ` տրուած ըլլալով, որ անոնք կը պատկանին Հըզպալլայի կամ անոր վերահսկողութեան ենթակայ են: Սառեցուած են նաեւ սեփականութիւնները եւ շահերը գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ Սուլթան Խալիֆա Ասաատի, որ սերտ կապեր ունի երկու ընկերութիւններուն հետ: Մնուչ աւելցուց, որ` շահագործելով Լիբանանի տնտեսութիւնը եւ  խաբելով Լիբանանի փտած պատասխանատուները, Հըզպալլայի հետ կապ ունեցող ընկերութիւնները պետական պայմանագիրներ կը ստանան:

Մնուչէ ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են թիրախաւորելու Հըզպալլան եւ անոր հետեւորդները, քանի որ անոնք փտած ձեւով կը շահագործեն լիբանանեան աղբիւրները, որպէսզի իրենց ղեկավարները հարստացնեն, մինչ լիբանանցի ժողովուրդը կը տառապի ոչ բաւարար ծառայութիւններէ: Մնուչէ յայտնեց, որ Հըզպալլայի գործունէութիւնը վնաս կը հասցնէ Լիբանանի տնտեսութեան տարբեր կողմերուն, ներառեալ` շինարարութեան եւ ենթակառոյցի մարզերուն, եւ կ՛օգտուի Arch եւ Meamar ընկերութիւններէն, որպէսզի դրամական փոխանցումները Հըզպալլայի սեփական հաշիւներուն կատարէ, ինչ որ, ըստ անոր, կը հարստացնէ Հըզպալլայի ղեկավարները եւ լիբանանցի ժողովուրդը կը զրկէ իր դրամներէն:

Նախարար Մնուչէ նշեց, որ Հըզպալլա դաւադրութիւն կը կազմակերպէ լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ, ներառեալ` հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան նախկին նախարար Եուսեֆ Ֆինեանուսի, միլիոնաւոր տոլարներու պետական պայմանագիրներ ուղղելով այդ ընկերութիւններուն, որոնք կը վերահսկուին Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդին կողմէ:

Մնուչէ բացատրեց, որ Arch-ը եւ Meamar-ը շարքին են այն բազմաթիւ ընկերութիւններուն, որոնք Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդին կը պատկանին` նշելով, որ Հըզպալլա կ՛օգտագործէ այս ընկերութիւնները իր դրամական փոխանցումները ծածկելու եւ փախուստ տալու ամերիկեան պատժամիջոցներէն: «Հըզպալլա 2019-էն ի վեր գործակցած է Ֆինեանուսի հետ, որպէսզի Arch եւ Meamar ընկերութիւնները յաջողին միլիառաւոր տոլար արժող լիբանանեան պետական պայմանագիրներ ստանալ: Այս ընկերութիւնները, իրենց կարգին, այս պայմանագիրներէն ստացած իրենց շահերը ուղարկեցին Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդին: Սուլթան Խալիֆէ Ասաատ արձանագրուեցաւ իբրեւ Meamar ընկերութեան հիմնադիրը, եւ շարք մը անհատներ, որոնք արձանագրուած են այդ ընկերութեան փաստաթուղթերուն վրայ, նաեւ կապեր ունին Հըզպալլայի հետ», նշեց Մնուչէ:

Փոմփէոյի Արձագանգը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ արձագանգեց ամերիկեան ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ Arch Consulting եւ Meamar Construction ընկերութիւններուն նկատմամբ սահմանուած պատժամիջոցներուն:

Ան կատարեց թուիթըրեան հետեւեալ գրառումը. «Հըզպալլա կ՛որդեգրէ փտած ինքնահարստութիւնը, որպէսզի իր օրակարգերը յառաջ մղէ Լիբանանի մէջ: Մենք այսօր ապօրինի դասակարգեցինք Հըզպալլայի հետ կապ ունեցող երկու ընկերութիւններ եւ ծրագիրներ ունեցող պատասխանատու մը: Լիբանանի ժողովուրդը լաւագոյնին արժանի է եւ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն կանգնիլ փտածութեան դէմ»:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 26.768-ի, Մահուան Պարագաներունը` 263-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 10.217-ի

Յաջորդը

Ռաուլ Նահմէ. Հացին Տոպրակը 62 Օրուան Համար Պիտի Ըլլայ 1000 Կրամ` 900-ի Փոխարէն»

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?