Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Ընկերութիւններու Արձագանգը` Ընդդէմ Ամերիկեան Պատժամիջոցներուն

Սեպտեմբեր 21, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մէամար Քոնսթրաքշըն» ընկերութեան տնօրէնութիւնը երէկ հաղորդագրութեամբ մը արձագանգեց իրենց դէմ սահմանուած ամերիկեան պատժամիջոցներուն: Տնօրէնութիւնը բացատրեց, որ լիբանանեան ճարտարապետական այս ընկերութիւնը արտօնագրուած է 1988-էն ի վեր եւ դասակարգուած է ըստ Լիբանանի մէջ գործող օրէնքներուն: Ըստ տնօրէնութեան, ընկերութիւնը կը գործէ պետական եւ սեփական մարզերուն մէջ շինարարութեան պայմանագիրներու մարզին մէջ, եւ ծրագիրները կը կատարուին հաստատուած մրցումներու եւ մեքանիզմներու հիման վրայ, եւ լիարժէք թափանցիկութեամբ` ընդգծելով, որ ընկերութիւնը իր նախագիծերը կ՛աւարտէ ճարտարապետական եւ վարչական բարձրագոյն չափանիշներուն համապատասխան: Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ ընկերութեան լիբանանցի պաշտօնեաներու անձնակազմը բաղկացած է մասնագէտ ճարտարապետներէ եւ վարչականներէ` հակառակ ամերիկեան վարչակազմի սխալ խօսքերուն, վարչակազմ մը, որուն յարձակումներուն, անարդարութեան եւ փտածութեան հետեւանքները տակաւին կը կրէ Լիբանանը: Ընկերութիւնը շեշտեց, որ պիտի շարունակէ իր աշխատանքները կատարել յաջորդող տասնեակ տարիներուն ընթացքին, ինչպէս որ ատիկա ըրած էր անցնող 32 տարիներուն ընթացքին:

«Արչ Քոնսալթինկ» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ուալիտ Ժապիր նոյնպէս արձագանգեց ամերիկեան պատժամիջոցներուն` նշելով, որ ընկերութիւնը ուսումնասիրութիւններու եւ խորհրդատուութիւններու ճարտարապետական արտօնագրուած ընկերութիւն է, որ հիմնուած է ճարտարապետներու եւ վարչականներու կողմէ, եւ դասակարգուած է ազգային ուսումնասիրութիւններ կատարող ընկերութիւններու շարքին` բազմաթիւ նախարարութիւններու եւ պետական հաստատութիւններու մօտ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ ընկերութիւնը կը համագործակցի նախարարութիւններու,  քաղաքապետութիւններու եւ սեփական մարզին հետ` հաստատուած օրէնքներու եւ մրցումներու հիման վրայ, եւ անոր պատմութիւնը լեցուն է ամբողջ երկրին մէջ մշակուած նախագիծերով` զարմանք յայտնելով ամերիկեան մեղադրանքին նկատմամբ, որ ընկերութիւնը կ՛այպանէ փտածութեամբ եւ որոշ անդամներու ապօրինի հարստութեամբ` Լիբանանի ժողովուրդի հաշուոյն:

Ընկերութիւնը ընդգծեց, որ բոլորը գիտեն, որ ուսումնասիրութիւններու ընկերութիւնները կը շարունակեն պայքարիլ տնտեսական վատթարացած պայմաններուն մէջ, որոնց պատճառ դարձած է ամերիկեան վարչակազմը` Լիբանանի նկատմամբ սահմանած իր պատժամիջոցներու քաղաքականութեան եւ անարդար շրջափակման միջոցով:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«Քորոնա»-ի Մեծապէս Աճող Թիւի Լոյսին Տակ, Կրթական Վերամուտի Թուականը ` Անորոշ

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?