Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան երէկ կոչ ուղղեց` հաշուետուութեան կանչելու Պէյրութի նաւահանգիստի ոճիրին պատասխանատուները եւ խստագոյն պատժամիջոցներ տնօրինել անոնց դէմ: Պայթումի զոհերէն` Ճեսիքա Պեզճեանի եւ Տելիա Փափազեանի մահուանց քառասունքին առիթով Զալքայի հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած հոգեհանգստեան արարողութեան աւարտին երեսփոխան Թերզեան պահանջեց հաշուետուութեան կանչել նաւահանգիստի ոճիրին պատասխանատուները: «Մենք կորսնցուցինք թանկագին անձեր, որոնց առյաւէտ բաժանումին ոչ մէկ բան կրնայ փոխարինել», շեշտեց Թերզեան վերահաստատելով ոճրագործներու հաշուետուութեան ու խստագոյն պատիժի տնօրինումի իր պահանջը: «Անհրաժեշտ է, որ պետութիւնը նիւթապէս եւ բարոյապէս զօրակցի զոհերու ընտանիքներուն, որովհետեւ անոնք հայրենիքի կուրծքին դրուած պատուոյ շքանշաններ են» ըսաւ Թերզեան եւ աւելցուց. «Հայրենիքս կորսնցուց իր թանկագին երիտասարդները, եւ կացութիւնը որոշ չափով կրնայ փոխուիլ միայն արդարութեան հաստատումով եւ իր պայքարող երիտասարդներով»: