Լիբանանեան Լուրեր
41 թոն օժանդակութիւն պարունակող յունական նաւը կը հասնի Պէյրութի նաւահանգիստ Բանակի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ երէկ Պէյրութի նաւահանգիստ հասած է յունական նաւ մը, որ կը պարունակէ 41 թոն բժշկական, սննդեղէնի եւ շինարարութեան նիւթերու օժանդակութիւն, որ գոյացած է Յունաստանի մէջ լիբանանեան դեսպանատան ջանքերով` համագործակցութեամբ յունական-ամերիկեան մշակութային կազմակերպութեան: Կարգ մը անձնական ընկերութիւններ եւս 127 թոն օժանդակութիւն ուղարկած են: Ֆրանսայի զինուորական ստորաբաժանումը աւարտեց Պէյրութի...



















