Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աունի Եւ Վարչապետ Ատիպի Հանդիպումին` Յաւելեալ Ժամանակ Տրամադրել Խորհրդակցութիւններու

Սեպտեմբեր 18, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ըստ նոր նշանակուած վարչապետ Մուսֆաթա Ատիպի մօտիկ աղբիւրներու, վարչապետը յայտնած է, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերու մեծ մասին հետ կայացած համաձայնութեան իբրեւ արդիւնք` իրեն յանձնարարուած է շատ արագ ժամանակամիջոցի մէջ կազմել մասնագէտներէ, ոչ քաղաքական գործիչներէ բաղկացած կառավարութիւն եւ անմիջապէս սկսիլ բարեփոխումներու գործադրութեան: Ըստ վարչապետին, այս հիմամբ գործելու նպատակը ո՛չ մէկ կարծիքի առանձնաշնորհումն է, ոչ ալ լիբանանեան քաղաքական բաղադրիչներէն մէկուն թիրախաւորումը, այլ` մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութեան մը կազմութիւնը: Վարչապետը ընդգծեց, թէ որեւէ այլ առաջարկ, որ պիտի պարտադրէ այլ տիպի կառավարութիւն մը կազմել, չի համապատասխաներ այն առաքելութեան, որուն համար ինք նշանակուած է:

«Նկատի ունենալով, թէ ես զգուշ եմ, որ իմ առաքելութիւնս համահունչ ըլլայ մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութեան հիմնական համաձայնութեան սկզբունքին, ես Հանրապետութեան նախագահէն խնդրեցի այսօրուան հանդիպումը յետաձգել յետմիջօրէի, որպէսզի յաւելեալ խորհրդակցութիւններ կատարեմ նախքան վերջնական դիրքորոշումը ճշդելը», ընդգծեց Ատիպ երէկ կէսօրին: Բայց եւ այնպէս արդիւնքը նորանշանակ վարչապետին ակնկալածին պէս չեղաւ, ըստ երեւոյթին:

Ատիպ Եւ Զոյգ Շիի Ուժերը

Նոր նշանակուած վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպ երէկ հանդիպում ունեցաւ Ալի Հասան Խալիլի եւ Հըզպալլայի քաղաքական ներկայացուցիչ Հուսեյն Խալիլի հետ` վերջնական քննարկում կատարելու ելեւմուտքի նախարարութեան գծով:

Նախկին նախարար եւ ներկայ երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ ինք նոր վարչապետին փոխանցած է իրենց համաձայնութիւնը ֆրանսական նախաձեռնութեան եւ անոր բոլոր բաղադրիչներուն վերաբերեալ, ինչպէս որ համաձայնութիւն գոյացուած էր վարչապետ Մաքրոնի հետ հանդիպումին ժամանակ:

Կարգ մը աղբիւրներ «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ ֆրանսական կողմին հետ համաձայնելէ ետք, որ ելեւմուտքի նախարարութիւնը պիտի վերապահուի շիի համայնքին, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի պայման դրաւ, որ ինք պիտի առաջադրէ այն նախարարը, որ պիտի ստանձնէ տուեալ նախարարութիւնը: Նոյն աղբիւրները կը նշեն, որ նախկին վարչապետները եւ զոյգ շիի ուժերը մերժած են այս պայմանը:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը հաղորդագրութեամբ մը կտրականապէս մերժեց, որ ոեւէ մէկը շիի համայնքի նախարարներու թեկնածուներ դնէ իրենց փոխարէն, կամ արգելք դնէ իրենց պատկանած նախարարութեան, յատկապէս` ելեւմուտքի նախարարութեան վրայ:

Պլոքը զարմանք յայտնեց, որ անոնք, որոնք շուքի մէջ կառավարութիւն կը կազմեն, կ՛արգիլեն նոր նշանակուած վարչապետը պլոքներուն հետ խորհրդակցութիւններ կատարելէ եւ կը ստիպեն ստեղծել նոր մեքանիզմ, որ քաղաքական ուժերուն կ՛արգիլէ առաջադրել իրենց նախարարները եւ կը խաթարէ հաւասարակշռութիւնը` ելեւմուտքի նախարարութիւնը խլելով շիի համայնքէն: Պլոքը դատապարեց ամերիկեան ծայրայեղ բացասական դերը` հարուածելու Լիբանանի մէջ կառավարութեան ստեղծումը:

Կարգ մը աղբիւրներ «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին փոխանցեցին, որ կառավարութեան կազմութեան թղթածրարի քննարկումը այժմ կը կեդրոնանայ ելեւմուտքի նախարարութիւնը զոյգ շիի ուժերուն մօտ պահելու շուրջ` այն պայմանով, որ ընտրուի նախարար մը, որ մասնագէտ է եւ ընդունուած` բոլոր քաղաքական ուժերուն կողմէ:

Ատիպ-Աուն Հանդիպում

Վերոնշեալ հանդիպումէն ետք վարչապետ Ատիպ ուղղուեցաւ նախագահական պալատ, ուր տեսակցութիւն ունեցաւ նախագահ Աունի հետ եւ անոր փոխանցած իր կատարած հանդիպումին արդիւնքը: Քննարկում տեղի ունեցաւ խոչընդոտները լուծելու ուղիներուն վերաբերեալ: Վարչապետ Ատիպ իրեն հետ չէր բերած կառավարութեան նոր կազմի անունները:

Նախագահ Աուն վարչապետէն խնդրեց շարունակել ընթացող խորհրդակցութիւնները եւ յաղթահարել խոչընդոտները` տրուած ըլլալով, որ երկրին ներկայ կացութիւնը կը պահանջէ փրկարարական արագ աշխատանքի անցնիլ, մանաւանդ որ 16 օր անցած է վարչապետի նշանակումէն, եւ երկիրը կը սպասէ փոխըմբռնումի` նոր կառավարութիւն կազմելու համար: Խորհրդակցութիւններու աւարտի ժամկէտ չճշդուեցաւ:

Նախագահ Աուն հաստատեց իր յանձնառութիւնը` ֆրանսական նախաձեռնութեան եւ անոր բոլոր բաղադրիչներուն, որոնք ընդունուած էին Լիբանանի քաղաքական ուժերուն կողմէ:

Հանդիպումէն ետք նոր նշանակուած վարչապետը յայտարարեց, որ նախագահ Աունին հետ համաձայնած են յաւելեալ ժամանակ տրամադրել խորհրդակցութիւններուն:

Հարկ է նշել, որ կարգ մը աղբիւրներ «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին փոխանցեցին, որ նախագահ Մաքրոն բուռն կերպով միջամուխ եղած է խորհրդակցութիւններու հարցին մէջ եւ վարչապետ Ատիպի յորդորած է չհրաժարիլ, առիթ տալով յաւելեալ խորհրդակցութիւններու, քանի որ տակաւին ֆրանսական նախաձեռնութեամբ ճշդուած երկարաձգուած ժամկէտը չէ աւարտած:

«Նահար» օրաթերթը նշեց, որ նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն պիտի ունենայ նախագահ Մաքրոնի հետ անոր փոխանցելու կառավարութեան կազմութեան վերջին մանրամասնութիւնները եւ վերահաստատելու իր յանձնառութիւնը` յաջողցնելու ֆրանսական նախաձեռնութիւնը:

 

 

Նախորդը

Ռաուլ Նահմէ. Հացին Տոպրակը 62 Օրուան Համար Պիտի Ըլլայ 1000 Կրամ` 900-ի Փոխարէն»

Յաջորդը

Թուրքիա Կոչ Կ՛ուղղէ Հայաստանին` «Անմիջապէս Հեռանալու Ազրպէյճանի Բռնագրաւեալ Հողերէն»

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?