Հասան. «Լիբանան Աղէտալի Օրեր Կ՛Ապրի»
Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 89.186-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 2089 նոր վարակուածներ:
Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան յայտնեց, որ պէտք է դասեր քաղել եւրոպական այն երկիրներէն, որոնք ամբողջութեամբ փակ յայտարարուած են եւ ժողովուրդին ընկերային ծառայութիւններ մատուցած, «սակայն ցաւալին այն է, որ Լիբանան այսօր չի կրնար իր ժողովուրդին ծառայութիւններ մատուցել», ըսաւ ան:
Հասան ընդգծեց, որ Լիբանան աղէտալի օրեր կ՛ապրի` աւելցնելով, որ իրենք յոյս ունէին, որ քաղաքապետարանները կ՛օժանդակեն շրջանները փակելու որոշումին, սակայն դժբախտաբար քաղաքապետարանները փակեցին մայր պողոտաները` բաց ձգելով ներքին փողոցները:
Միւս կողմէ, Պէյրութի առեւտրականներու միութեան նախագահ Նիքոլա Շամմաս բացարձակապէս մերժեց փակումը` հաստատելով, որ անիկա ոչ մէկ դրական ազդեցութիւն ունեցած է «Քորոնա»-ի համաճարակին տարածումը կասեցնելու առումով:
Շամմաս յայտնեց, որ համաճարակի հարցին լուծման քայլերը յստակ են. առաջինը պիտի ըլլայ հիւանդանոցներուն կահաւորումը, երկրորդը` նախազգուշութիւններու դիմելը, իսկ երրորդը` պատժել անոնք, որոնք տուգանուած են եւ օրէնքը խախտելով չեն վճարած այդ տուրքերը: