Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլի Դէմ Ամերիկեան Պատժամիջոցներ Կը Հաստատուին

Նոյեմբեր 7, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը երէկ պատժամիջոցներ հաստատեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի դէմ:

Ելեւմուտքի նախարար Սթիվըն Մունիչըն նշեց, որ Պասիլ ամբաստանուած է լիբանանեան վարչակարգին մէջ կազմակերպուած փտածութիւն գործադրելու եւ անոր իբրեւ հետեւանք կառավարութեան հիմերը քայքայելու յանցանքով:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտնեց, որ Պասիլ իր գործունէութեամբ փտածութիւն տարածած է եւ օժանդակած, որ լիբանանեան վարչակարգին մէջ բոյն դրած փտածութիւնը զարգանայ:

Ան նշեց, որ պատժամիջոցի ենթարկուած ոեւէ անձնաւորութիւն չի կրնար Միացեալ Նահանգներ մուտք գործել` աւելցնելով, որ լիբանանցի ղեկավարները պէտք է անսան իրենց ժողովուրդի պահանջներուն, բարեկարգումներ գործադրեն, ինչպէս նաեւ վերջ տան փտածութեան:

Ամերիկացի բարձրաստիճան այլ պաշտօնատար մը հաստատեց, որ Պասիլի կողմէ Հըզպալլայի հանդէպ ցուցաբերուած մնայուն զօրակցութիւնն է, որ Ուաշինկթընը մղած է Պասիլի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու:

Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ պատժամիջոցները անձամբ Պասիլի դէմ հաստատուած են եւ ոչ թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով օգնական Տէյվիտ Շենքըր հարցազրոյցի մը մէջ յայտնեց, որ Պասիլի դէմ հաստատուած պատժամիջոցը ուղղակիօրէն թիրախ կը դարձնէ Պասիլի նիւթական աղբիւրները, այլ խօսքով` դրամատնային հաշիւները:

Շենքըր նկատել տուաւ, որ պատժամիջոցին հիմնական պատճառը Պասիլի եւ Հըզպալլայի գործընկերութիւնն է, որ օժանդակած է փտածութեան տարածումին:

Ան մաղթեց, որ Պասիլ եւ լիբանանցի քաղաքական այլ անձնաւորութիւններ կեդրոնանան Լիբանանի մէջ բարեկարգումներ իրագործելու ջանքերուն վրայ:

Իր դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցներուն իբրեւ պատասխան Պասիլ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Ո՛չ պատժամիջոցները զիս վախցուցին, ո՛չ ալ խոստումները` շլացուցին: Ոչ մէկ լիբանանցիի դէմ կը տրամադրուիմ եւ կը մերժեմ ինքզինքս փրկել` Լիբանանը սպառելու փոխարէն: Անիրաւութեան ընտելացայ, իսկ պատմութենէն սորվեցայ, որ Արեւելքի մէջ ապրելու համար պէտք է օրական դրութեամբ կրենք մեր խաչը, որպէսզի գոյատեւենք»:

Միւս կողմէ, Հըզպալլա երէկ երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Պասիլի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները դատապարտելի են, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ներքին հարցերուն միջամտութիւն:

Հըզպալլա զօրակցութիւն յայտնեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ անոր ղեկավարին` շեշտելով անհիմն այս որոշումներուն եւ մերժելի զրպարտութիւններուն դէմ պայքարելու իր պատրաստակամութիւնը:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 91.328-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին Արձանագրուած Են 2142 Պարագաներ

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?