Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 94.236-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին Արձանագրուած Են 1139 Պարագաներ

November 9, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը
Վաղը Պիտի Գումարէ Իր Արտակարգ Նիստը

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 94.236-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 1139 նոր վարակուածներ:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը հրաւիրած է արտակարգ նիստի մը, որ պիտի գումարուի Պաապտայի մէջ, երեքշաբթի, 10 նոյեմբեր 2020-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:

Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը, յատկապէս «Քորոնա» համաճարակին լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ պիտի ընդգծուի տիրող իրավիճակը հաւասարակշռելու նպատակով որդեգրուելիք միջոցառումներուն կարեւորութիւնը:

Նկատի ունենալով Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի գումարելիք արտակարգ նիստը` կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութիւնը հրապարակեց որոշում մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ այսօր եւ վաղը դպրոցները պիտի մնան փակ` սպասելով Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի տալիք որոշումին:

Հրաժարած վարչապետ Հասսան Տիապ յայտնեց, որ երկիրը փակելու որոշումը պիտի տրուի առողջապահութեան նախարարութեան ներկայացնելիք իրավիճակի ամբողջական գնահատումին շրջագիծին մէջ, ինչպէս նաեւ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին քննարկումներուն հիման վրայ:

Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան յայտնեց, որ երկիրը փակելու որոշումը չարիք մըն է, որ անհրաժեշտութիւն է, «իսկ կարեւորագոյնը այն է, որ անոր յաջողութեան համար բոլոր պայմանները որդեգրուին եւ ոչ թէ երկու շաբթուան համար երկիրը փակելու սիրոյն փակուի», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆ հաստատեց, որ «Քորոնա»-ի համաճարակին վերաբերեալ այն խախտումները, որոնք կ՛արձանագրուին, ոճիրի համազօր են: Ան ընդգծեց, որ երկրի ընդհանուր փակումը շատ անհրաժեշտ է:

Նշենք, որ այսօր կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութիւնը պիտի կատարէ ցոյց մը դէպի ճարտարարուեստի նախարարութիւն, ուր նախարարի պաշտօնակատար Իմատ Հուպալլայի պիտի փոխանցուի, թէ միութիւնը կը մերժէ ճարտարարուեստի մարզը ներառել երկիրը փակելու որոշումին շրջագիծին մէջ:

 

 

Նախորդը

Թրիփոլիի Մէջ. «Լիբանան Պատգամի Եւ Ազգային Համերաշխութեան Երկիր Է» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Յաջորդը

Պասիլ. «Միացեալ Նահանգներու Գործակալները Չենք Եւ Կը Մերժենք Հըզպալլան Առանձին Ձգել` Արտաքին Ճնշումներուն Դիմաց, Իսկ Առանց Միացեալ Չափանիշներու` Կառավարութեան Կազմութիւնը Պիտի Ուշանայ»

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.