Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապպաս Իպրահիմ. «Ուժի Եւ Ճնշումի Բանեցումը Շրջանին Մէջ Միայն Յաւելեալ Ցնցումներ Կրնայ Յառաջացնել»

Նոյեմբեր 6, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ 14 հոկտեմբերին Միացեալ Նահանգներ իր կատարած պաշտօնական այցելութեան` նկատել տալով, որ այդ այցելութիւնը յաջող այցելութիւն մը եղած է բոլոր չափանիշներով:

Ան նշեց, որ իր հանդիպումները իրենց ձեւին եւ բովանդակութեան մէջ եղած են յաջող եւ կարեւոր` աւելցնելով, որ անոնք արժանացած են տեղեկատուութեան մարզին ուշադրութեան:

Իպրահիմ յայտնեց, որ ամերիկեան «Ճէյմս Ֆոլի» հաստատութեան կողմէ իրեն «Մարդասիրական պարգեւ» յանձնելու իրականութիւնը նաեւ կարեւոր կը նկատուի, որովհետեւ անիկա առաջին անգամ ըլլալով է, որ կը յանձնուի ոչ ամերիկացիի մը:

Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ ամերիկացի պաշտօնատարներուն հետ իր ունեցած քննարկումները եղած են յստակ, անկեղծ ու թափանցիկ: «Իւրաքանչիւր հանդիպումի ընթացքին կը զգայի, թէ Լիբանանն ու անոր շահերը առաջնահերթութիւն են ամերիկացի անձնաւորութիւններուն համար: Կարեւոր է նաեւ ըսել, որ մեր հանդիպումներուն ընթացքին հետաքրքրութիւն կար նաեւ մեր մտածումներուն, տեսակէտներուն եւ Լիբանանի ու շրջանի հարցերուն արժեւորումին նկատմամբ: Լուսարձակի տակ առնուեցաւ նաեւ այն իրականութիւնը, որ քաղաքական կացութիւնը իր ուղղակի ազդեցութիւնը կ՛ունենայ ապահովական իրավիճակին վրայ, ինչպէս նաեւ կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ, որ երկխօսութիւնը Լիբանանի ու շրջանի հարցերու լուծման միակ միջոցն է, որովհետեւ ուժի եւ ճնշումի բանեցումը շրջանին մէջ միայն յաւելեալ ցնցումներ կրնայ յառաջացնել», յայտնեց ան:

Ապպաս Իպրահիմ դիտել տուաւ, որ ինք իր հանդիպումներուն ընթացքին շօշափած է այն տրամադրութիւնը, որ բոլոր անոնց, որոնց հանդիպած է, նախանձախնդիր են Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումին:

«Նկատի ունենալով Լիբանանի ապահովական կայունութեան նկատմամբ իրենց յանձնառութիւնը` Միացեալ Նահանգներ իրենց պատրաստակամութիւնը կը յայտնեն շարունակելու լիբանանեան զինեալ ուժերուն իրենց տրամադրած զինուորական օժանդակութիւնները», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն կը յարգէ երկրին ապահովութիւնը պահպանելու նպատակով լիբանանեան ապահովութեան ուժերուն ջանքերը:

Անդրադառնալով Սուրիոյ` Իպրահիմ նշեց, որ Սուրիա շրջանին կարեւոր մէկ մասն է, եւ Սուրիոյ պատահարներէն Լիբանանը լրջօրէն կ՛ազդուի:

Սուրիական-լիբանանեան յարաբերութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Իպրահիմ յայտնեց, որ անիկա երկու երկիրներուն կը վերաբերի, եւ կարելի չէ լիբանանցի պատասխանատուի մը նման հարց տալ: «Բայց եւ այնպէս գաղտնիք մը բացայայտած չենք ըլլար, երբ ըսենք, թէ իբրեւ ապահովական պաշտօնական կառոյց Սուրիոյ մէջ ապրող ամերիկացի քաղաքացիներու օգտակար դարձած ենք` ընդառաջելով ամերիկեան խնդրանքի, եւ դիւրացուցած ենք այդ քաղաքացիներուն ապահով տունդարձը», շեշտեց ան:

Ապպաս Իպրահիմ նկատել տուաւ, որ ամերիկեան «Ճէյմս Ֆոլի» հաստատութեան կողմէ իր ստացած «Մարդասիրական պարգեւ»-ը Լիբանանին մեծարանք է, Լիբանան` մարդուն, Լիբանան` երկխօսութեան եւ այն Լիբանանին, ուր հասակ նետած ենք, հիմնուելով այդ արժէքներուն եւ սկզբունքներուն վրայ:

Նշենք, որ Իպրահիմ երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ան Կրիոյի եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչի հետ:

 

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 89.186-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին Արձանագրուած Են 2089 Պարագաներ

Յաջորդը

«Կեդրոնական Դրամատան Իրաւական Հաշուեքննութեան Յանձնառու Կը Մնանք Եւ Զայն Անհրաժեշտ Կը Նկատենք Բարեկարգումներ Կատարելու Ճամբուն Վրայ» Ընդգծեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?