Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի, շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի եւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի կողմէ հրապարակուեցաւ միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտուեցան Փարիզի, Նիսի եւ Վիեննայի մէջ գործադրուած ահաբեկչական գործողութիւնները, որոնք թիրախ դարձուցին քաղաքայիններ:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ եւրոպական երկիրներու մէջ կատարուած այս արարքները հարցադրումներ կը ստեղծեն արարքները կազմակերպող եւ գործադրող կողմերուն ինքնութեան, ինչպէս նաեւ այդ արարքներուն իսկական դրդապատճառներուն վերաբերեալ:
Միւֆթի Տըրիան, շէյխ Քապալան եւ շէյխ Նայիմ Հասան կոչ ուղղեցին խստագոյն պատիժներուն ենթարկելու յանցագործները` զգուշացնելով կանխամտածուած ոճրագործութիւնը կրօնի հետ ուղղակիօրէն առնչելու ծուղակին մէջ իյնալէ:
Անոնք հաստատեցին, որ իսլամութիւնը խաղաղութեան կրօն է: