Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 87.097-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին Արձանագրուած Են 1888 Պարագաներ
Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 87.097-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 1888 նոր վարակուածներ: Ճիշդ է, որ Լիբանանի տարածքին կրակմարի դրութիւնը երեկոյեան ժամը 9:00-էն առաւօտեան ժամը 5:00 կը պարտադրուի, սակայն առողջապահական մարզի պատասխանատուներ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն երկիրը նուազագոյնը 15 օրով փակելու: Այս շրջագիծին մէջ, առողջապահութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ,...


















