ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ նաեւ Արցախի վրայ թուրք-ազրպէյճանական յարձակումին եւ շրջանին վրայ անոր ունեցած ազդեցութեան: