Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 95.355-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին Արձանագրուած Են 1119 Պարագաներ

Նոյեմբեր 10, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Աուն Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերող Հարցեր
Եւ Այսօր Կը Նախագահէ Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդի Արտակարգ Նիստին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ յետմիջօրէին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ շարունակեց քննարկել կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Պաապտայի մէջ պիտի նախագահէ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի արտակարգ նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը, յատկապէս Լիբանանը հարուածող «Քորոնա»-ի  համաճարակի երկրորդ ալիքն ու համաճարակի արագ տարածումը կասեցնելու յարմար միջոցները:

Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 95.355-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 1119 նոր վարակուածներ:

Հրաժարած վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց «Քորոնա»-ի յատուկ ազգային խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան գիտական այն փաստերը, որոնց հիման վրայ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը պիտի տայ վերջնական որոշումը` «Քորոնա»-ի համաճարակին առաջքը առնելու իբրեւ նախաքայլ:

Անպաշտօն տեղեկութիւններու համաձայն, ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը յանձնարարած է շաբաթ,14 նոյեմբերէն սկսեալ մինչեւ 30 նոյեմբեր փակել երկիրը:

Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան յայտնեց, որ երկիրը երկու շաբաթով փակելու որոշումը տրամաբանական է եւ ճիշդ, որուն պիտի յաջորդէ բժշկական մարզի եւ հիւանդանոցներու պատրաստուածութիւնը ապահովել:

Հասան յայտնեց, որ Լիբանան պիտի ըլլայ առաջին երկիրներէն, որոնք պիտի օգտուին «Քորոնա»-ի յատուկ պատուաստի դրութենէն:

Ան նշեց նաեւ, որ Քաթար Թրիփոլիին պիտի տրամադրէ 500 անկողին հաշուող դաշտային հիւանդանոց:

Միւս կողմէ, Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆ հաստատեց, որ «Քորոնա»-ի պատճառով բժշկական անձնակազմը լուրջ հարցեր կը դիմագրաւէ: Ան նկատել տուաւ, որ «Քորոնա»-ի ժահրով վարակուած 17 բժիշկներ վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ են` աւելցնելով, որ նոյն պատճառով երեք բժիշկներ արդէն իսկ մահացած են:

Ապու Շարաֆ աւելցուց, որ շուրջ 100 այլ բժիշկներ վարակակիր են եւ մեկուսացումի մէջ, իսկ 1500 հիւանդապահներ իրենց կարգին մեկուսացած են:

Նշենք, որ տնտեսական մարզի ներկայացուցիչները կտրականապէս մերժեցին երկիրը լրիւ փակելու որոշումը:

Տնտեսագէտ Ուալիտ Ապու Սլէյման յայտնեց, որ երկիրը լրիւ փակելու պարագային Լիբանան ամէնօրեայ դրութեամբ տնտեսապէս պիտի տուժէ, եւ կը նախատեսուի, որ երկիրը ամէնօրեայ դրութեամբ շուրջ 50 միլիոն տոլար կորսնցնէ:

Պէյրութի առեւտրականներու միութիւնը կոչ ուղղեց բոլոր վաճառատուները չփակելու եւ խստացնելու նախազգուշութիւնները:

Զբօսաշրջական հաստատութիւններու համադաշնակցութեան նախագահ Փիեռ Աշքար հաստատեց, որ զբօսաշրջական մարզը արդէն իսկ «Վերակենդանացման բաժանմունք»-ին մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ երկրին փակումը աւելի վատ ազդեցութիւն պիտի ունենայ այդ մարզին վրայ:

Ճաշարաններու սենտիքայի ընդհանուր քարտուղար Խալետ Նուզհա յայտնեց, որ ճաշարանային մարզին 70-80 առ հարիւրը արդէն իսկ փակ է` աւելցնելով, որ մնացեալը փակելը աղէտալի պիտի ըլլայ այդ մարզին համար:

Ան ըսաւ, որ երկիրը ամբողջութեամբ փակելու որոշումը ապարդիւն էր եւ լիբանանեան տնտեսութեան ծանր հարուած պատճառեց:

Ցամաքային փոխադրութեան մարզի վարորդներու սենտիքայի նախագահ Շատի Սէյիտ հաստատեց, որ երկիրը փակելու որոշումը ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ Լիբանանի վրայ:

Ցամաքային փոխադրութեան մարզի վարորդներու սենտիքաներու եւ սարակներու համադաշնակցութիւններու նախագահ Մարուա Ֆայեատ հաստատեց, որ երկրին փակումը շատ վատ ազդեցութիւն պիտի ունենայ վարորդներուն եւ սարակներուն վրայ:

 

 

Նախորդը

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Ցաւ Յայտնեց Լիբանանցի Պատասխանատուներու Դէմ Հաստատուած Ամերիկեան Պատժամիջոցներուն Համար

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Վ. Օհանեան-Գէորգեանի Հետ Քննարկեց Եգիպտոս Կատարած Այցելութեան Արդիւնքները

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?