Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Նոյեմբեր 6, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ քաղաքացի մը Պիր Հասանի Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի (Տամանի) կեդրոնին դիմաց ինքզինք հրկիզած է: Թէեւ անոր շուրջ գտնուող մարդիկ փորձած են օգնել, սակայն խնդրոյ առարկայ անձին առողջական վիճակին մասին տակաւին տեղեկութիւններ չկան:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ռաուլ Նաամէ յայտնեց, որ միակ լուծումը Պէյրութի նաւահանգիստի ցորենի շտեմարանի մնացորդացին քանդումն է եւ կարելի եղածին չափ արագ կերպով: Ան հաստատեց, որ շտեմարանին մնացորդացը պայթեցնելու կարելիութիւնը սերտուած է, եւ մասնագէտներ յայտնած են, թէ ատիկա վտանգաւոր չէ: Նաամէ աւելցուց, որ ցորենի շտեմարանին քանդումը պիտի կատարուի լիբանանեան բանակին ընկերակցութեամբ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ֆայսալ Սայեղ յայտնեց, որ երկրին մէջ տիրող մթնոլորտը ցոյց կու տայ, թէ յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին կառավարութիւն կարելի չէ կազմել: Ան հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է կառավարութիւն կազմել, երբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը պահանջէ նախարարաց խորհուրդին որոշումները արգելակող մէկ երրորդը ունենալ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Աթալլա յայտնեց, որ ոչ ոք իրենց հետ խորհրդակցած է նախարարութիւններու ստանձնումին գծով` աւելցնելով, որ իրենք ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան ստանձնումին կառչած չեն:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով ամէնօրեայ դրութեամբ հազարաւոր վարակակիրներ կ՛արձանագրուին` աւելցնելով, որ պէտք է վերջ տալ այս կացութեան եւ փակել ամբողջ երկիրը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նիքոլա Նահհաս հաստատեց, որ հակառակ տիրող կարգ մը բարդութիւններուն, կառավարութիւնը պիտի կազմուի: Ան նկատել տուաւ, որ մէկ բանի շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է արդէն, եւ անիկա 18 նախարարէ բաղկացող կառավարութիւն մը ըլլալու իրականութիւնն է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ ընդգծեց, որ լիբանանցի ժողովուրդին իրաւունքները սուրբ են, եւ իբրեւ իրաւատէր անոնք իրենց բոլոր իրաւունքները ստանալու իրաւասու են:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Շամել Ռուքոզ յայտնեց, որ պէտք է չորս շաբթուան համար երկիրը ամբողջութեամբ փակելու որոշում տալ, առանց յապաղումի:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խանգարելու յանցանքով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ամբաստանելը անարդար է:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց, որ իրենց կողմէ նախարարութիւն պահանջելու մասին շրջանառութեան մէջ դրուող լուրերը անճիշդ են: «Մենք ոչ մէկ նախարարութիւն պահանջած ենք, իսկ երբ մեզի հետ խորհրդակցութիւն կատարուի, ապա կը յայտնենք մեր փափաքը», ըսաւ ան:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ընկերային ցանցերուն վրայ իր տեղադրած գրառումին ընդմէջէն հաստատեց, որ մասնագէտներէ բաղկացող կառավարութեան կազմ մը օրըստօրէ կը բիւրեղանայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ան Կրիոն: Հանդիպումը ունէր ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը լիբանանեան տագնապէն դուրս գալու միակ ելքն է:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ լիբանանցիները կառավարութիւն մը չկազմելով ձախողեցուցած են Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ջանքերը եւ անշուշտ մեծագոյն վնաս հասցուցած Լիբանանին ու ժողովուրդին:

«ՆԱՇՐԱ» կայքին համաձայն, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խանգարող իսկական պատճառը իրաւական հաշուեքննութիւնն է եւ ոչ թէ այս կամ այն քաղաքական ուժին կողմէ որոշ նախարարութեան մը պահանջը:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ նահանգապետ Մարուան Ապպուտ յայտնեց, որ մայրաքաղաքի բոլոր կոյուղիները մաքրուած են արդէն` աւելցնելով, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով կիսաքանդ մնացած շէնքերը ամրացնելու աշխատանքը սկսած է:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Եւ Իսի Լա Մուլինօ Քաղաքի Փոխքաղաքապետը

Յաջորդը

Տըրիան, Քապալան Եւ Հասան Դատապարտեցին Փարիզի, Նիսի Եւ Վիեննայի Ահաբեկչական Գործողութիւնները

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?