Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էլիզէի Մէջ . Լը Տըրիան Եւ Փոմփէօ Անդրադարձան Լիբանանեան Թղթածրարին

Նոյեմբեր 17, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը շարունակէ մնալ տեղքայլի մէջ:

Անցեալ շաբթուան ընթացքին կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագացնելու անհրաժեշտութիւնը շեշտելու եւ ֆրանսական նախաձեռնութեան արժէքին կարեւորութիւնը ընդգծելու նպատակով Պէյրութ այցելած Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի հարցերու խորհրդատու Փաթրիք Տիւրել երէկ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած նիստի մը ընթացքին ներկայացուց լիբանանցի ղեկավարներուն հետ իր ունեցած խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները:

Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Էլիզէի մէջ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիան եւ ամերիկացի անոր պաշտօնակիցը` Մայք Փոմփէօ ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին շարք մը հարցեր, որոնց կարգին էր նաեւ լիբանանեան թղթածրարը:

Անոնց հանդիպումին միացաւ Մաքրոն:

Հանդիպումէն ետք ոչ ոք յայտարարութիւն կատարեց, իսկ կարգ մը աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Լիբանանի թղթածրարը շատ կարճ ժամանակի համար քննարկուեցաւ:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը Փարիզ կը գտնուէր` ընդգծելու համար այն իրականութիւնը, որ լիբանանցի այլ անձնաւորութիւններու դէմ եւս պատժամիջոցներ հաստատելու լուրերը անճիշդ են:

Հանդիպումին ընթացքին Փոմփէօ եւ Լը Տըրիան շեշտեցին Հըզպալլայի ծայրայեղութեան դէմ պայքարելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադարձան լիբանանեան կայուն եւ բարեկարգումները գործադրելու ատակ կառավարութիւն մը կազմելու իմաստով ամերիկեան ջանքերուն:

Միւս կողմէ, տեղեկատուական կարգ մը աղբիւրներու համաձայն, նախագահ Մաքրոնի Լիբանան կատարելիք երրորդ այցելութեան մասին ոչ մէկ ցուցանիշ գոյութիւն ունի:

 

 

Նախորդը

Քասեմ Հաշեմ. «Կութիերես Պէտք Էր Ճնշում Բանեցնէր Իսրայէլի Վրայ` Հեռանալու Բռնագրաւուած Լիբանանեան Հողերէն»

Յաջորդը

Նաժըմ. «Լիբանանի Մէջ Կազմուելիք Որեւէ Նոր Կառավարութիւն Պէտք Է Շարունակէ Իրաւական Հաշուեքննութեան Գործադրութեան Հարցը»

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?