Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Ցաւակցութիւն Յայտնեց Ասատին Եւ Ընդունեց Լիբանանի Ղպտի Համայնքին Նոր Հոգեւոր Պետը

November 17, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ցաւակցագիր յղեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին` գուժելով Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի մահը:

Նախագահ Աուն դրուատեց Մոալլեմի դերակատարութիւնը` Սուրիոյ ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Ան մաղթեց, որ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատուի Սուրիոյ մէջ, որպէսզի սուրիացի եղբայր ժողովուրդը դարձեալ բարգաւաճեցնէ իր երկիրը:

Նշենք, որ ընկերային հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ռամզի Մշարրաֆիէ երէկ ուղղուեցաւ Սուրիա, նախագահ Աունը ներկայացնելու` Մոալլեմի յուղարկաւորութեան:

Միւս կողմէ, նախագահական պալատին մէջ նախագահ Աուն ընդունեց Լիբանանի ղպտի համայնքին նոր հոգեւոր պետը` Քամաս Թայմուն Սըրիանին, որ նշանակուած էր 14 նոյեմբերին, ղպտի եկեղեցւոյ Թէոդորոս Բ. պապին կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն ընդգծեց շրջանին եւ արաբական Արեւելքին մէջ քրիստոնեաներուն ներկայութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծեց քրիստոնէական գոյութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը` երաշխաւորելու համար բազմազանութիւնը, հանդուրժողութիւնն ու ներողամտութիւնը, միաստուածեան կրօններու այս կարեւոր շրջանին մէջ:

«Նախորդ տարիներուն ընթացքին Արեւելքի քրիստոնեաներուն տառապանքը զանոնք մղած է կառչած մնալու իրենց հողին, ինքնութեան եւ մարդկային դերակատարութեան: Ամբողջ աշխարհը պէտք է պաշտպանէ քրիստոնեաներուն գոյութիւնը, որովհետեւ այդպիսով ամբողջ աշխարհը մասնակցած պիտի ըլլայ ծայրայեղութեան դէմ պայքարին, ինչպէս նաեւ մշակոյթի ու քաղաքակրթութիւններու միջեւ վայրագ ձեւաչափերու հասած պայքարին ու բախումներուն կասեցումին», ըսաւ նախագահ Աուն:

Իր կարգին, Քամաս Թայմուն Սըրիանի նախագահ Աունին փոխանցեց ղպտի եկեղեցւոյ Թէոդորոս Բ. պապին ողջոյններն ու Լիբանանի հանդէպ բարեմաղթութիւնները:

Քննարկուեցան Լիբանանի մէջ ղպտի համայնքին իրավիճակն ու անոնց ունեցած  դերակատարութիւնը` Լիբանանի ազգային եւ ընկերային կեանքին մէջ:

Նախորդը

«Քորոնա»-ի Համաճարակին Դէմ Պայքարի Յատուկ Շտապը Գումարեց Իր Նիստը

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան Կոչը

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 6, 2026
Ապտալլա. «Ելեւմտական Բացի Նախագիծին  Եւ Տնտեսական Խորհուրդներուն Ու Դրամատուներուն  Միջեւ Տարակարծութիւնը Պահեստի Գումարի Ծաւալին  Ու Ճգնաժամի Որակման Շուրջ Է»
Լիբանանեան

Ապտալլա. «Ելեւմտական Բացի Նախագիծին Եւ Տնտեսական Խորհուրդներուն Ու Դրամատուներուն Միջեւ Տարակարծութիւնը Պահեստի Գումարի Ծաւալին Ու Ճգնաժամի Որակման Շուրջ Է»

January 5, 2026
Անդրադառնալով Լիբանանի Մէջ  Համասի Զէնքի Յանձնման`   Տիմաշքիէ. «Հակառակ Թափուած Ջանքերուն,  Հարցերը Տակաւին Չլուծուեցան, Եւ Տակաւին  Յամառութեան Կը Հանդիպինք»
Գլխաւոր լուրեր

Անդրադառնալով Լիբանանի Մէջ Համասի Զէնքի Յանձնման` Տիմաշքիէ. «Հակառակ Թափուած Ջանքերուն, Հարցերը Տակաւին Չլուծուեցան, Եւ Տակաւին Յամառութեան Կը Հանդիպինք»

January 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.