ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ յայտնեց, որ դատաւորներուն դէմ վարկաբեկիչ որեւէ յայտարարութիւն պիտի վերածուի ընդհանուր դատախազին կողմէ հետապնդուելիք թղթածրարի:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչի հետ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցին եւ ՄԱԿ-ի միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտկար Մաալուֆ երէկ այցելեց Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպայի, որմէ իմացաւ յիսնապետ Ժոզեֆ Նըտտաֆի առողջութեան մասին` ընդգծելով Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ծալքերը բացայայտելու եւ անիրաւութեան վերջ տալու կարեւորութիւնը:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի անդամ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ յայտնեց, որ իրաւական հաշուեքննութիւնը եղած է իրենց ծրագիրը` աւելցնելով, որ այս պահանջը հետապնդելու իմաստով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը մնայ յանձնառու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ կառավարութեան մաս կազմող նախարարները պիտի ըլլան այնպիսի անձնաւորութիւններ, որոնք կ՛ամբողջացնեն պարկեշտութեան, ատակութեան եւ մասնագիտութեան չափանիշները:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էլիաս Պու Սաապ յայտնեց, որ նոր կազմուելիք կառավարութեան անդամներուն թիւին շուրջ արդէն իսկ համաձայնութիւն գոյացած է, այսօր հիմնական հարցը կառավարութեան անդամներու անուններուն շուրջ կեդրոնացած է:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի յայտնեց, որ Լիբանան եւ Սուրիա ահաբեկչութեան դէմ միացեալ յաղթանակ արձանագրած են:
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ առանձինն չի կրեր երկրին ելեւմտական տագնապալի կացութեան պատասխանատուութիւնը:
«ՆԱՇՐԱ» կայքին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ պիտի կատարուին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ, որպէսզի անկէ խնդրուի անտեսել Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի դէմ որդեգրուած ամերիկեան պատժամիջոցները:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական դասին արձանագրած ձախողութենէն ետք անհրաժեշտութիւն կը նկատէ հիմնելու նոր հոսանք մը, որ կրնայ շրջանցել համայնքները: