Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարպել Ուեհպէ Շիայի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւններն Ու Լիբանանցի Անձնաւորութիւններու Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցներուն Վերաբերող Հարցեր

Նոյեմբեր 17, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախկին նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

Քննարկուեցան Լիբանանի ծովային տարածքներու սահմանագծումին համար կատարուող անուղղակի բանակցութիւններուն մէջ ամերիկեան կողմին միջնորդութեան վերաբերող հարցեր:

Ուեհպէ ամերիկացի դեսպանին հետ արծարծեց լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններու դէմ ամերիկեան վարչակազմին հաստատած պատժամիջոցներուն դրդապատճառները` փափաք յայտնելով, որ լիբանանեան քաղաքական ու դատական  իշխանութիւնները ունենան փաստաթուղթեր այդ առնչութեամբ:

Ան ընդգծեց, որ նպատակն է հանրային կեանքին մէջ խոստացուած բարեկարգումները կատարել եւ թափանցիկութիւնը ամրապնդել:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ շրջանային հարցեր, որոնց շարքին էին Արցախի իրադարձութիւնները:

Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Ուեհպէ յայտնած էր, որ Շիայի կողմէ նախարարութիւն կատարելիք այցելութիւնը սովորական է եւ զայն բացատրութեան հրաւիրելու բնոյթ կամ նպատակ չունի:

«Մենք Միացեալ Նահանգներու բարեկամ ենք եւ անոր հետ պատմական յարաբերութիւններ, ինչպէս նաեւ միացեալ շահեր ունինք: Պէտք չէ մոռնալ, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ զգայուն փուլ մը, որուն մէջ Միացեալ Նահանգներ մեծ դերակատարութիւն ունին: Այսօր ամերիկեան կողմը կը մասնակցի իբրեւ միջնորդ` Նաքուրայի մէջ կատարուող հարաւային Լիբանանի սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն: Միացեալ Նահանգներ նաեւ մեծ դերակատարութիւն ունին լիբանանեան բանակի զինումին առումով, ինչպէս նաեւ մեծապէս օժանդակած են Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն վնասներ կրած աղէտահար ընտանիքներուն: Անոնք նաեւ իրենց ներդրումը ունին այդ պայթումին շուրջ բացուած միջազգային հետաքննութեան եւ ծալքերուն բացայայտման մէջ», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով լիբանանցի պատասխանատուներուն դէմ որդեգրուած ամերիկեան պատժամիջոցներուն` Ուեհպէ յայտնեց, որ Լիբանան շահագրգռուած է իմանալու այն պատճառներն ու հիմքերը, որոնք տուն տուած են այդ պատժամիջոցներուն հաստատումին:

«Այս հիման վրայ եւ առաջնորդուելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի խորհուրդներով, մենք Ուաշինկթընի լիբանանեան դեսպանատան միջոցով հարցուցած ենք նախկին նախարարներ Ալի Հասան Խալիլի, Եուսեֆ Ֆընիանոսի եւ Ժըպրան Պասիլի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն պատճառներուն մասին: Մենք փտածութեան դէմ պայքարելու միջազգային օրէնքը կը յարգենք եւ կը փափաքինք պատժամիջոցներ կրող լիբանանցի պատասխանատուներուն ամբաստանութեան փաստաթուղթերը ունենալ: Իբրեւ լիբանանցիներ եւ լիբանանեան հանրային կարծիք իրաւունք ունինք իմանալու ճշմարտութիւնը, իսկ ամբաստանուողները իրենց կարգին իրաւունք ունին իմանալու այդ մասին` երաշխաւորելու համար իրենց ինքնապաշտպանութիւնը», ըսաւ Ուեհպէ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Քասեմ Հաշեմ. «Կութիերես Պէտք Էր Ճնշում Բանեցնէր Իսրայէլի Վրայ` Հեռանալու Բռնագրաւուած Լիբանանեան Հողերէն»

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?