Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապպաս Իպրահիմ. «Պատժամիջոցներ Հաստատելու Ամերիկեան Որոշումը Զիս Չի Զարմացներ»

Նոյեմբեր 16, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր դէմ հաստատուելիք ամերիկեան պատժամիջոցները զինք չեն զարմացներ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ամերիկեան օրաթերթեր անդրադարձած են իր դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներ հաստատելու հաւանականութեան, Իպրահիմ յայտնեց, որ ինք իմաստուն կերպով պիտի վարուի այդ պատժամիջոցներուն հետ:

Ան նկատել տուաւ, որ Ուաշինկթընի մէջ ոչ ոք իրեն հետ Հըզպալլայի մասին քննարկում կատարած է` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ կատարած իր այցելութեան նպատակը եղած է Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն շահերը ապահովել: «Անշուշտ այս դերակատարութենէն տուժողներ կան, որոնք կը դիմեն այս քայլերուն: Ես կը ճանչնամ զանոնք, սակայն ներկայիս անոնք իմ ուշադրութեանս կեդրոնը չեն գրաւեր», ըսաւ ան:

Ապպաս Իպրահիմ նկատել տուաւ, որ իրենց համար կան ծանօթ անհատներ, որոնք Միացեալ Նահանգներ կ՛ուղարկուին շատախօսելու, «իսկ մենք կ՛աշխատինք Լիբանանի գերագոյն շահերուն համար: Ես պատժամիջոցներէն չեմ վախնար եւ աշխարհին մէջ ոչինչ կը վախցնէ զիս, այնքան ատեն որ միայն Լիբանանի շահերուն համար կը գործեմ», ըսաւ ան:

Ան նշեց, որ Ուաշինկթընի իր հանդիպումներուն ընթացքին քննարկած է շրջանային իրադարձութիւններն ու ներքին եւ շրջանային երկխօսութիւնը: «Կը նախատեսեմ, որ պիտի գայ ժամանակաշրջան մը, երբ ճնշումներ պիտի չբանեցուին, պայմանով որ Միացեալ Նահանգներ ըլլան այս երկխօսութիւնը հովանաւորողը: Ուաշինկթընի մէջ քննարկեցինք նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն տրամադրուելիք ամերիկեան օժանդակութիւններուն կարեւորութիւնը», շեշտեց ան:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի դէմ բանեցուած պատժամիջոցներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ անոնք զուտ քաղաքական պատժամիջոցներ են:

Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ կը գտնուին 10 լիբանանցի արգելափակեալներ, որոնց թղթածրարները սերտած է իր այցելութեան ընթացքին: «Ես բարեսիրական հաստատութեան յղացքով չեմ գործեր եւ կատարուած իւրաքանչիւր աշխատանքիս դիմաց Լիբանանի շահերը կ՛ապահովեմ», աւելցուց ան:

Միւս կողմէ, Իպրահիմ յայտնեց, որ ինք պիտի շարունակէ գործադրել այն գործիքակազմերը, որոնք մշակուած են 2017-ին` ընդգծելով, որ սուրիացի տեղահանուածներուն մասին Դամասկոսի մէջ գումարուած խորհրդաժողովը կը զօրակցի այդ գործիքակազմին:

«Մենք պիտի շարունակենք սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը ապահովել, սակայն ներկայիս թափը նուազած է` նկատի ունենալով «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով երկրին երկշաբաթեայ ամբողջական փակումը, որուն պատճառով փակուած են նաեւ Լիբանան-Սուրիա սահմանները: Բայց եւ այնպէս Սուրիա վերադառնալ փափաքող տեղահանուածները արձանագրելու կազմակերպական աշխատանքը ընթացքի մէջ է», յայտնեց ան:

Ապպաս Իպրահիմ նշեց, որ ներկայիս Սուրիոյ կարգ մը շրջաններուն մէջ պայմանները շատ աւելի ձեռնտու են, քան Լիբանանի, որ տնտեսական սուր տագնապի մէջ կը գտնուի:

Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ սուրիական բանակի ծառայութենէն զերծ կացուցելու դրութիւն մը հաստատուած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կողմէ` չնչին գումարի փոխարէն:

«Սուրիոյ մէջ ապահովական կայունութիւնը ամրապնդուած է: Մենք ապահովական երաշխիքներ կը տրամադրենք սուրիացի այն տեղահանուածներուն, որոնք կը փափաքին տունդարձ կատարել», հաստատեց ան:

 

Նախորդը

Իսրայէլեան Ուժերը Ձերբակալեցին Լիբանանէն Սահմանը Խախտող Անհատ Մը Եւ Կրակոցով Հեռացուցին Երկու Ուրիշներ

Յաջորդը

Շիա. «Պասիլ Կը Ծածկէ Հըզպալլայի Զէնքը, Իսկ Վերջինը` Անոր Փտածութիւնը»

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?