Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քորոնա»-ի Համաճարակին Դէմ Պայքարի Յատուկ Շտապը Գումարեց Իր Նիստը

November 17, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն
Թիւը Հասաւ 106.446-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին
Արձանագրուած Են 1016 Պարագաներ

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 106.446-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 1016 նոր վարակուածներ:

Միւս կողմէ, «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարի յատուկ շտապը վարչապետարանին մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հրաժարած վարչապետ Հասսան Տիապի:

Նիստին ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըր, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Իմատ Հուպալլա, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Միշել Նաժժար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մաքքիէ, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ- զօրավար Մահմուտ Ասմար, ինչպէս նաեւ վարչապետի խորհրդականները:

Նիստէն ետք Համատ Հասան յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի փակումին առումով գերագոյն նպատակը իրականանայ` նուազեցնելով վարակուածներուն թիւն ու բարձրացնելով «Քորոնա» ժահրով վարակուածները ընդունելու պատրաստուածութիւնը:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Կը Պահանջէ
Լեռնալիբանանի Մէջ Դաշտային Հիւանդանոցներ Հիմնել

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նիստին ընթացքին մատնանշեց ամբողջ Լեռնալիբանանի մէջ դաշտային հիւանդանոցներու չգոյութեան իրողութիւնը:

Ան հաստատեց, որ Լեռնալիբանանի նման լայն տարածութիւն ունեցող նահանգ մը կարիքը ունի բազմաթիւ դաշտային հիւանդանոցներու:

Նկատի ունենալով «Քորոնա»-ի համաճարակի տարածումին արագ թափը` Վ. Օհանեան-Գէորգեան պահանջեց Լեռնալիբանանի մէջ դաշտային հիւանդանոցներ հիմնելու նպատակով անհրաժեշտ քայլերուն դիմել:

 

 

 

Նախորդը

Ուազնի. «Բարեկարգումի Գործադրութեան Յապաղումի Քաղաքականութիւնը Լիբանանցիներուն Մահուան Համազօր Է»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ցաւակցութիւն Յայտնեց Ասատին Եւ Ընդունեց Լիբանանի Ղպտի Համայնքին Նոր Հոգեւոր Պետը

RelatedPosts

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի  Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի  Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին  Ներկայացնէ Կառավարութեան»
Լիբանանեան

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին Ներկայացնէ Կառավարութեան»

January 9, 2026
Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան  Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»

January 9, 2026
Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց Թրիփոլիի  Տօնածառը Հրկիզելու Դէպքին Մեղսակիցները
Լիբանանեան

Բանակը Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Նպատակներու Իրագործումը Յայտարարեց

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.