Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 16, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, իր խօսքը ուղղելով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը ձախողեցնող կողմերուն, յայտնեց, որ ժողովուրդը կ՛ուզէ անկախներու կառավարական կազմ մը: «Նախարարաց խորհուրդին մէջ գործող բոլոր նախարարները պէտք է ըլլան անկախ», ըսաւ ան:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելը ազգային պարտականութիւն է եւ պէտք է պարտադրուի օրէնքի ուժով:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ հաստատեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի վրայ պատժամիջոցներ հաստատելու ամերիկեան լուրջ սպառնալիքներ կան, եթէ ան համաձայն գտնուի կազմելու կառավարութիւն մը, որուն մէջ ներկայացուած ըլլայ նաեւ Հըզպալլան:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան յայտնեց, որ մօտիկ ապագային կառավարութիւն կազմելու յոյսեր չկան, իսկ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը առյաւէտ ի զօրու պիտի չմնայ: Ան աւելցուց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ իսկական քաոս մը պիտի տիրէ, երբ պետութեան կողմէ որոշ ապրանքատեսակներու համար տրամադրուած նիւթական նպաստը կասեցուի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ ամերիկեան պատժամիջոցները Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան առումով վարչապետ Սաատ Հարիրիի որդեգրած մօտեցումին վրայ իրենց ազդեցութիւնը չեն ունեցած:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ պէտք է կազմել կառավարութիւն մը, որ կարողութիւն կ՛ունենայ թղթածրարներուն մօտենալու` արտակարգ դրութեան ծրագիրի համաձայն եւ առանց ուշացումի:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Փիեռ Պու Ասի, անդրադառնալով ֆրանսական նախաձեռնութեան, յայտնեց, որ հիմնական մտահոգութիւնը այն է, որ Լիբանան մնայ նախաձեռնութեան մը դիմաց` առանց կառավարութեան, կամ ունենայ կառավարութիւն մը` առանց նախաձեռնութեան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Խաուաժա հաստատեց, որ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները զուտ քաղաքական են:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլին կը փափաքին հատուցումներ շնորհել` անոր ապահովելով կառավարական շահեր: «Այս պատճառով ալ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակուած է», շեշտեց ան:

ԱՆԿԱԽ նասըրականներու ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ճիգ չի խնայեր քրիստոնեայ շրջանակին մէջ սադրանքներ հրահրելու:

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Պողպատեայ Մարտունակութիւն… Թաւշեայ Պարտութիւն

Յաջորդը

Օսման. «Ֆրանսական Նախաձեռնութիւնը Իսկական Վերջին Առիթ Մըն Է, Զոր Կարելի Չէ Կորսնցնել»

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.