Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Իրաւական Հաշուեքննութեան Հոլովոյթը Արգելակող Բոլոր Պատճառաբանութիւնները Պիտի Վերացնենք»

November 18, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի ընթացիկ ելեկտրոնային նիստին, որմէ ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ համախմբումը վերստին կոչ կ՛ուղղէ արագացնելու կառավարութեան կազմութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել բարեկարգումի այն կէտերը, որոնք նշուած էին ֆրանսական նախաձեռնութեան մէջ:

Համախմբումը նկատել տուաւ նաեւ, որ կառավարութեան գոյութիւնը պիտի ամրապնդէ ազգային միասնականութիւնն ու կայունութիւնը, այնպիսի փուլի մը, որ Միջին Արեւելքի դիմագրաւած ամէնէն վտանգաւոր փուլերէն մէկը կը նկատուի:

Համախմբումը շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը դիւրացնելու իր տեսակէտը կը բխի կացութեան վտանգաւոր ըլլալուն մասին իր գիտակցութենէն: «Այդ պատճառով ալ կը հաստատենք, որ կառավարութեան կազմութեան համար մէկ չափորոշիչ պէտք է ճշդուի, որպէսզի ան վայելէ խորհրդարանի մեծամասնութեան վստահութեան քուէն», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Համախմբումը ընդգծեց, որ մասնագիտութեան եւ ատակութեան կառավարութիւնը չի կրնար գործել եւ նուաճումներ արձանագրել` առանց հաշուի առնելու լիբանանեան ազգային հաւասարակշռութիւնը պահպանելու սկզբունքը, որմէ կարելի չէ զիջիլ եւ զոր կարելի չէ շրջանցել:

Համախմբումը զգուշացուց, որ կան որոշ մտահոգիչ տուեալներ, որոնք ցոյց կու տան 15 տարի ետ երթալու եւ լուսանցքայնացումի ու անիրաւութեան քայլերու դիմելու ոմանց ցանկութիւնը: «Պէտք է զգուշանալ նման քայլերու դիմելու փորձերէն, որովհետեւ անոնք կրնան իրենց հետեւանքները ունենալ երկրին ազգային կայունութեան վրայ», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Համախմբումը հաստատեց, որ իրենք Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու հոլովոյթը արգելակող բոլոր պատճառաբանութիւնները պիտի վերացնեն:

 

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 107.953-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին Արձանագրուած Են 1507 Պարագաներ

Յաջորդը

Պաղտատի Մէջ. Աքըր Իրաքի Պաշտպանութեան Նախարարին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.