Հայկական երեսփոխանական պլոքը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ տեղի ունեցած նիստին ընթացքին հաստատեց, որ ընդառաջելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նամակին` կը զօրակցի իրաւական որեւէ գործառնութեան, որ իր գումարներուն ճակատագիրին մասին իմանալու լիբանանցիին իրաւունքը կ՛ապահովէ:
Հայկական երեսփոխանական պլոքը կը զօրակցի Կեդրոնական դրամատունը իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու քայլին, ինչպէս նաեւ կողմնակից է, որ իրաւական այդ հաշուեքննութիւնը ընդարձակուի` ներառելով պետական հաստատութիւններն ու վարչութիւնները, նախարարութիւններն ու պետական մարզի բոլոր ընկերութիւնները: