Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժոմպլաթ Զգուշացուց Կառավարութեան Կազմութեան Յապաղումէն

December 2, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած իւրաքանչիւր վայրկեանի ուշացումը կը դժուարացնէ տիրող կացութիւնը:

Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանան շատ աւելի վատ իրավիճակի պիտի մատնուի, կացութիւնը աւելի եւս պիտի սառի, իսկ տնտեսական տագնապը պիտի սրի` աւելցնելով, որ դեղորայքի, ալիւրի, մազութի եւ պենզինի առեւտրականները շատ աւելի հզօր են, քան պետութիւնը:

Անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն` Ժոմպլաթ նշեց, որ ոմանք կարծէք տիւրզի համայնքին վերաբերող թնճուկ մը հնարելու վրայ կ՛աշխատին` հաստատելով, որ կառավարութեան մէջ տիւրզի համայնքը ներկայացնելու խնդիր գոյութիւն չունի:

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ իր միջեւ խորհրդակցութեան գոյութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժոմպլաթ ըսաւ. «Մեր միջեւ խորհրդակցութիւն չկայ: Ես անձամբ խօսեցայ վարչապետ Հարիրիի հետ, սակայն չեմ փափաքիր իրեն ըսածներուս եւ իրմէ լսածներուս մասին յայտարարել»:

Լիբանանի շահերուն համար առաջադրուած ֆրանսական նախաձեռնութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժոմպլաթ յայտնեց, որ կարելի է գործադրել այդ նախաձեռնութեան մնացորդացը:

«Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան մեզմէ ակնկալեցին եւ մեզի աղաչեցին հասկնալ, որ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի անէացում: Նախագահ Մաքրոն այս նախադասութիւնը երեք անգամ կրկնեց, իսկ անէացում կը նշանակէ տնտեսական եւ հաստատութենական ոչնչացում», յայտնեց Ժոմպլաթ:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Քիւպիչ Այցելեց Զօր. Աունի Եւ Ֆըրզլիի

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.