Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժահժահ. «Առանց Իրաւական Հաշուեքննութեան Բարեկարգումի Ոչ Մէկ Գործողութիւն Կը Կատարուի Կամ Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ` Ոչ Մէկ Հաղորդակցութիւն»

Դեկտեմբեր 2, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան պահանջած իրաւական հաշուեքննութեան պարագային դրամատնային գաղտնիութիւնը պէտք չէր պատճառաբանել եւ պէտք չէր զլանալ պահանջուած փաստաթուղթերը ներկայացնել:

«Խորհրդարանին որոշումը Կեդրոնական դրամատան եւ ելեւմուտքի նախարարին ուշադրութեան կը յանձնէ, որ դրամատնային գաղտնիութեան զօրութիւնը իրաւական հաշուեքննութեան չի վերաբերիր», ըսաւ ան:

Ժահժահ յայտնեց, որ այսօր ամբողջ պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ հրաժարած վարչապետ Հասսան Տիապի ուսերուն: «Տիապ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնիէն պէտք է պահանջէ կա՛մ անմիջապէս «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» միջազգային ընկերութեան հետ Լիբանանի պայմանագիրը վերականգնել եւ կա՛մ նուազուրդ կատարել` ճշդելու համար իրաւական հաշուեքննութիւն կատարող այլ միջազգային ընկերութիւն մը:

Ժահժահ նշեց, որ պէտք է նաեւ գրաւոր դիմել Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէին եւ անկէ պահանջել, որ իրաւական հաշուեքննութեան վերաբերող բոլոր փաստաթուղթերը տրամադրէ ելեւմուտքի նախարարին:

«Եթէ կան պատասխանատուներ, որոնք կը կարծեն, թէ իրենք ժամանցի մէջ են, ապա անոնք չարաչար կը սխալին, որովհետեւ մենք այս հարցը մինչեւ վերջին շունչ պիտի հետապնդենք: Առանց իրաւական հաշուեքննութեան բարեկարգումի ոչ մէկ գործողութիւն կամ միջազգային դրամական ֆոնտին հետ ոչ մէկ հաղորդակցութիւն կը կատարուի», ըսաւ ան:

Ժահժահ հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ պիտի շարունակէ մնալ իբրեւ ընդդիմութիւն:

 

 

Նախորդը

Քիւպիչ Այցելեց Զօր. Աունի Եւ Ֆըրզլիի

Յաջորդը

Հանրապետութեան Նախագահին Հրաժարականը Պահանջողներուն Պատասխանելով` «Նախագահին Հետ Կարելի Չէ Այդ Ձեւով Վարուիլ» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?