Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 127.903-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին Արձանագրուած Են 1000 Պարագաներ

Դեկտեմբեր 1, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 127.903-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 1000 նոր վարակուածներ:

Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան եւ կրթութեան ու բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպ երէկ մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին ընդգծեցին «Քորոնա»-ի ժահրէն նախազգուշանալու քայլերը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:

Հասան նշեց, որ դպրոց երթալու կամ չերթալու նախապատուութիւնը համազօր է առողջութեան եւ տնտեսութեան տրուած նախապատուութեան:

Հասան շեշտեց, որ այդ հարցը գիտակցութեան կարիք ունի: «Իբրեւ կառավարութիւն, առողջապահութեան նախարարութիւն, կրթութեան նախարարութիւն, չենք կրնար քմահաճ ըլլալ մեր որոշումներուն մէջ, իսկ մեր որոշումները հիմնուած են միջազգային կազմակերպութիւններու հեղինակութեան վրայ», հաստատեց ան:

Հասան ընդգծեց, որ երբ կարգ մը առողջապահական միջազգային կազմակերպութիւններ կը յանձնարարեն, որ աշակերտները մնան իրենց բնակարաններուն մէջ, կարելի չէ նման յանձնարարութիւններ անտեսել:

«Մենք կը ջանանք, որ այդ յանձնարարականները իրագործուին իրենց մանրամասնութիւններով, եւ կարելի ըլլայ «Քորոնա»-ով վարակուելու վտանգը մեծ չափով վանել քաղաքացիներէն», յայտնեց Հասան` աւելցնելով, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ կրթութեան նախարարութեան հետ գործակցելու:

Ան շեշտեց նաեւ, որ զոյգ նախարարութիւնները միասնաբար ճշդած են ծրագիր մը, որուն հիման վրայ կը գործեն նուազեցնելու համար նաեւ ծնողներուն մտավախութիւնները:

Հասան յայտնեց, որ երեխաներուն մօտ «Քորոնա» ժահրով վարակուելու ախտանիշները շատ մեղմ կ՛ըլլան, բացի անոնք, որոնք մահացու հիւանդութիւններէ կը տառապին: «Այս պարագային ծնողները պէտք չէ իրենց զաւակները դպրոց ուղարկեն, որովհետեւ անիկա վտանգաւոր քայլ մը կ՛ըլլայ երեխային համար», շեշտեց Հասան:

Ան ընդգծեց, որ 10 տարեկանէն վար երեխաներուն մօտ վարակումի համեմատութիւնը 3 առ հարիւրը չ՛անցնիր, իսկ 19 տարեկանէն վար պատանիներուն մօտ վարակումի համեմատութիւնը 9 առ հարիւրը չ՛անցնիր, «իսկ «Քորոնա»-ի պատճառով ցարդ մահացած են միայն երկու երեխաներ, որոնք մահացու հիւանդութիւններ ունէին», հաստատեց Հասան:

Ան շեշտեց, որ աշակերտին անձնական մաքրութիւնը, քթակապի գործածութիւնը, ընկերային հեռաւորութեան պահպանումը եւ դասարաններուն մէջ օդափոխիչ մեքենաներու դրութիւնը կ՛օժանդակեն վարակումը նուազեցնելու:

Հասան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի տարածքին «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւն կատարող կառավարական հիւանդանոցներուն թիւը 6-ով բարձրացած է, յատկապէս տարբեր գաւառներուն մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ բոլորին քննութիւնները ապահովել:

Միւս կողմէ, Հասան հարցազրոյցի մը ընթացքին ընդգծած էր, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ «Քորոնա»-ի համաճարակին երրորդ ալիքը` զգուշացնելով չորրորդ ալիքէն, որ կրնայ ամէնէն վտանգաւորը ըլլալ:

Ան հաստատեց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ երկու շաբթուան փակումը ճշդուեցաւ երկրին դժուար պայմանները նկատի ունենալով. ան դիտել տուաւ, որ Համաշխարհային առողջապահական կազմակերպութիւնը յանձնարարած էր 4-6 շաբթուան համար փակել ամբողջ երկիրը` վարակումները նուազեցնելու առումով դրական արդիւնքներու յանգելու համար:

Իր կարգին, Մաժզուպ նշեց, որ կայ ակներեւ թիւ մը ծնողներու, որոնք կը մերժէին փակումը եւ կը պահանջէին նախորդ երկու շաբաթներուն ընթացքին բանալ դպրոցները, որպէսզի իրենց զաւակները դպրոց ուղարկէին: «Քիչ են այն ծնողները, որոնք կը մերժեն իրենց զաւակները դպրոց ուղարկել` յանձնառու մնալով անոնց առողջութեան», ըսաւ ան:

Մաժզուպ յայտնեց, որ իրենք ոչ ոքի պիտի ստիպեն իր զաւակները դպրոց ուղարկել, եթէ ան կը մերժէ այդ քայլին դիմել, «սակայն միաժամանակ մենք պէտք եղած բոլոր միջոցառումներուն դիմած ենք դպրոցներուն մէջ` նուազագոյնը առաջին կիսամեակը բոլորելու նպատակով: Երկրորդ կիսամեակի պարագային մենք պիտի սպասենք միջազգային արժեւորումներու եւ ըստ այնմ որոշում պիտի տանք», ըսաւ ան:

Մաժզուպ հաստատեց, որ կրթութեան նախարարութիւնը հետազօտութիւններու եւ բարգաւաճման կեդրոնին հետ գործակցաբար պիտի կարենայ ապահովել պէտք եղած գիրքերը, որոնք կարեւոր են թուային իմաստով սորվելու:

Ան ըսաւ նաեւ, որ Համատ Հասան խոստացած է ուսուցիչներուն համար «Փի. Սի. Ար.»-ի անվճար քննութիւններ ապահովել, այնպէս ինչպէս է պարագան նախարարութիւններու պաշտօնէութեան:

 

Նախորդը

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Դատապարտէ Հիւլէական Ծրագիրի Իրանցի Գիտնականին Սպանութիւնը

Յաջորդը

Նախագահական Պալատը Կը Հաստատէ, Որ Կառավարութեան Կազմութիւնը Կը Կատարուի Հանրապետութեան Նախագահին Եւ Վարչապետին Միջեւ

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?