Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 1, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի աճապարուած է նոր կառավարութիւնը կազմելու առումով: Ան աւելցուց, որ Պաապտա այցելութեան յստակ ժամադրութիւն չկայ տակաւին:

Ժսըր վերահաստատեց, որ Մուսթաքպալ պլոքը կը զօրակցի Կեդրոնական դրամատան, նախարարութիւններուն, պետական հաստատութիւններուն եւ վարչութիւններուն հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու քայլին:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ Լիբանան իր ճակատագիրին ձգուած երկիր է` աւելցնելով, որ երկիրը տագնապի եւ ուրիշներուն միջեւ բախումի դաշտ է:

ՀՐԱԺԱՐԱԾ երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ յայտնեց, որ ինք իր հրաժարած ըլլալուն համար չի զղջար` աւելցնելով, որ ինք քաղաքական նոր շարժումով մը պիտի վերադառնայ լիբանանեան քաղաքական կեանք` փոփոխութեան ենթարկելով ամբողջ համակարգը:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ պատահածը հանդարտութիւնը պահելու եւ ինքնազսպումի ենթարկուելու հարց չէ, այլեւ` հիմնահարցերու շուրջ տարակարծութիւն:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշա յայտնեց, որ քաղաքական բոլոր կողմերը կը պահանջեն իրաւական հաշուեքննութիւնը` աւելցնելով սակայն, որ հիմնականը այդ հաշուեքննութիւնը կատարելուն մէջ է:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար կոչ ուղղեց քաղաքական պատասխանատուներուն կազմելու ազգային փրկութեան կառավարութիւն մը եւ երկիրը փլուզումէ փրկելու:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ֆայսալ Սայեղ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը ձախողած են Լիբանանը փլուզումէ պաշտպանել:

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ եւ ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտ յայտնեց, որ տնտեսական մարզի շրջանառութիւնը կանգ առած է երեք ազդակներու պատճառով. անոնք են` սպառումի չափին նահանջը, դրամի չգոյութիւնը` դրամատնային վարկերը կասեցնելու պատճառով, ինչպէս նաեւ ամերիկեան տոլարի չգոյութիւնը, որ դժուարացուցած է ներածումի հոլովոյթը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Քամիլ Ապու Սլէյման խորհուրդ տուաւ, որ իրաւական հաշուեքննութեան պարագային «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» միջազգային ընկերութեան հետ արձանագրուած սխալները կանխարգիլելու համար, պէտք է Կեդրոնական դրամատունը ներառել այն պայմանագիրին մէջ, որ պիտի ստորագրուի իրաւական հաշուեքննութիւնը կատարող տուեալ ընկերութեան հետ:

ՄԱՐՈՆԻ համադաշնակցութեան ընդհանուր նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Ֆրանչիսկոս պապին ներկայացուցած է Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակին մանրամասնութիւնները եւ անկէ խնդրած իրենց կշիռը ունեցող տարբեր պետութիւններուն հետ գործել` Լիբանանի օժանդակութեան համար:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենք դարձեալ զինուորական տարազ հագուելու կարիքը չունին` հաստատելով, որ անհաւանական է, որ Հըզպալլային զէնքով դիմադրեն:

 

Նախորդը

«Այս Պարտութեան Պատասխանատուութիւնը Ամբողջութեամբ Կը Կրէ Հայաստանի Այսօրուան Իշխանութիւնը» Ըսաւ Բենիամին Պչաքճեան

Յաջորդը

Էլիաս Մըր. «Պատրաստ Եմ Լիբանանին Տրամադրելու Ամէն Տեսակի Օժանդակութիւն` Մասնագէտներու Կառավարութեան Կազմութենէն Անմիջապէս Ետք»

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.