Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրուած գրառումի մը ընդմէջէն մաղթեց հետեւեալը. «Թող խորհրդարանին վաւերացուցած իրաւական հաշուեքննութեան որոշումը, որ հանրապետութեան նախագահի յղած նամակին ընդառաջումն էր, ըլլայ հաշուետուութեան ճշգրիտ ճամբուն վրայ առնուած առաջին քայլը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նկատմամբ վստահութիւնը վերահաստատելու նախաքայլը: Իրաւական հաշուեքննութիւնը թող կատարուի, որպէսզի ոչ ոք կարենայ հնարել այնպիսի պատճառաբանութիւններ, որոնք կ՛արգելակեն աշխատանքը, իսկ բոլոր հաշիւները` առանց բացառութեան, թող զետեղուին հաշուեքննութեան տրամադրութեան տակ»: