Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Համախոհութեամբ Ընդառաջեց Նախագահ Աունի Առաջարկին` Համաձայն Գտնուելով Կեդրոնական Դրամատունը, Նախարարութիւններն Ու Պետական Հաստատութիւնները Իրաւական Հաշուեքննութեան Ենթարկելու

November 28, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ նախագահեց խորհրդարանի լիագումար նիստին, որուն միակ օրակարգն էր քննարկել իրաւական հաշուեքննութեան վերաբերող` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նամակը, որ յղուած էր խորհրդարանին:

Խորհրդարանը համախոհութեամբ ընդառաջեց նախագահ Աունի առաջարկին` համաձայն գտնուելով Կեդրոնական դրամատունը, նախարարութիւններն ու պետական հաստատութիւնները, ինչպէս նաեւ անկախ խորհուրդներն ու պետական ֆոնտերը իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու քայլին` առանց խոչընդոտներու կամ դրամատնային գաղտնիութիւնը պատճառաբանելու:

Նշենք, որ նիստին ընթացքին երեսփոխանական պլոքներուն անուններով դրական կեցուածքներ յայտնուեցան իրաւական հաշուեքննութեան եւ իրաւական հետաքննութեան մասին:

Պըրրի յայտնեց, որ խորհրդարանի այս նիստը ճակատագրական է` ընդգծելով, որ նախագահ Աունի նամակը տեղին եւ յարմար պահուն յղուած է: «Այսօր երեսփոխանական պլոքներուն կողմէ շօշափեցինք համախոհութիւն` ամբողջական իրաւական հաշուեքննութիւն կատարելու իմաստով: Մենք այս առիթէն պէտք է օգտուինք եւ լիբանանցիներուն ու ամբողջ աշխարհին փաստենք, որ լուրջ ենք այս թղթածրարին նկատմամբ մեր մօտեցումին մէջ», շեշտեց Պըրրի:

Առաջին նիստէն ետք, Պըրրի ներկաները հրաւիրեց նաեւ օրէնսդրական նիստի մը, որուն ընթացքին վաւերացուեցաւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքին կողմէ ներկայացուցած այն օրինագիծը, որուն համաձայն, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած զոհերը կը նկատուին լիբանանեան բանակի նահատակներուն համազօր նահատակներ, իսկ պայթումէն վիրաւորուածները ցկեանս կ՛օգտուին Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի (Տաման) ծառայութիւններէն:

Խորհրդարանի նիստէն ետք Պըրրի յայտարարեց հետեւեալը. «Ընդառաջելով հանրապետութեան նախագահին նամակին` որոշեցինք, որ Կեդրոնական դրամատան, նախարարութիւններուն, պետական հաստատութիւններուն, խորհուրդներուն, ելեւմտական հաստատութիւններուն, ֆոնտերուն եւ քաղաքապետարաններուն հաշիւները կ՛ենթարկուին իրաւական հաշուեքննութեան, առանց որեւէ տեսակի արգելքի կամ դրամատնային գաղտնիութեան պատճառաբանութեան»:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ իրաւական հաշուեքննութեան փափաքին հանդէպ խորհրդարանին ընդառաջումը նուաճում է այն լիբանանցիներուն համար, որոնք կ՛ուզեն գիտնալ պետական գանձարկղի գումարներու մսխումին եւ իւրացումներուն մանրամասնութիւնները:

Նախագահ Աուն հաստատեց նաեւ, որ անիկա բացայայտ կեցուածք է միջազգային ընտանիքին համար, որ Լիբանանին կը զօրակցի փտածութեան եւ մսխումին դէմ անոր մղելիք պայքարին:

Հանրապետութեան նախագահութիւնը երեկոյեան ստանձնեց խորհրդարանին որոշումը:

Նշենք, որ երէկ երեկոյեան նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց ներկայ պայմաններուն ընթացքին ժողովուրդին տարրական կարիքներուն համար տրամադրուած նիւթական նպաստին վերաբերող դասաւորումները, ինչպէս նաեւ այդ նպաստը շարունակելու կարեւորութիւնը:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Քիւպիչի Հետ Քննարկեց ՄԱԿ-ի Թիւ 1701 Բանաձեւին Գործադրութեան Փուլերը

Յաջորդը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան. «Թող Իրաւական Հաշուեքննութեան Որոշումը Ըլլայ Հաշուետուութեան Նախաքայլը»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.