Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախկին նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ երէկ մասնակցեցաւ Միջերկրական ծովուն ի խնդիր համադաշնակցութեան շրջանային Ե. խորհրդաժողովին, որ կատարուեցաւ առցանց դրութեամբ:
Ուեհպէ նշեց, որ Լիբանան ներկայիս տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային շատ դժուար պայմաններ կը դիմագրաւէ` հաստատելով, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ միջերկրականեան երկիրներուն մէջ խաղաղութիւնը, բարգաւաճումն ու զարգացումը պահպանելու, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղէ միասնաբար գործակցելու` «Քորոնա» ժահրի համաճարակին վերջ դնելու նպատակով:
Ան կոչ ուղղեց օժանդակելու Լիբանանին, որպէսզի ազգային աւանդ ներկայացնող անոր մայրաքաղաքի վնասուած կառոյցները նորոգուին:
«Շրջանին մէջ կայունութիւն հաստատելու մեկնարկը Միջին Արեւելքի մէջ արդար եւ ամբողջական խաղաղութեան հաստատումն է», հաստատեց Ուեհպէ:
Նշենք, որ Ուեհպէ առցանց իր մասնակցութիւնը ունեցաւ նաեւ Եւրոպական Միութեան եւ դրացի երկիրներու նիստին, որուն ընթացքին օժանդակութիւն պահանջեց Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովելու իմաստով: