Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հայցերուն Գծով Դատաւորի Եւ Ամբաստանեալներու Միջեւ Գրաւը Կը Շարունակուի

December 14, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին կապակցութեամբ դատաւոր Ֆատի Սուուանի արձակած հարցաքննութեանց կոչերուն գծով թեր ու դէմ կեցուածքները շարունակուեցան երէկ: Խորքին մէջ, պայթումի զոհերու ընտանեկան պարագաներ եւ անոնց համակիրները, իրենց հարազատներու մահուան բարոյական հատուցման ակնկալութեամբ, «այրած սրտի մխիթարանքի» գոհունակութեամբ կը հետեւին դատաւոր Սուուանի դատական «խիզախ» հայցերուն: Անոնց համակիրները, դրուատելով դատաւոր Սուուանի քայլը, զայն կը յորդորեն անշեղ շարունակել` զարմանք յայտնելով «հակադիր» կողմի բարձրացուցած աղմուկին համար: Անոնք կը յիշեցնեն 2005-ին նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հետաքննութեան ծիրին մէջ նոյնինքն նախկին նախագահ Էմիլ Լահուտի լուսաբանական հարցաքննութիւնը (գէթ իբրեւ վկայ) եւ առնչակից չորս բարձրաստիճան զինուորականներու հարցաքննութիւնն ու բանտարկութիւնը: Նմանապէս անոնք կը յիշեցնեն, թէ այլ հարցով`  նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա փտածութեան յանցանքով մեղադրուած ու իր բնակարանէն դէպի ոստիկանատուն փոխադրութեան մետասաներորդ պահուն «ստացուած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը միջնորդութեամբ» ազատ ձգուած էր: Իսկ դատաւոր Սուուանի հրաժարականի կամ նաւահանգիստի հետաքննութեան հարցը լքելու հաւանականութիւնը «հարցականէ դուրս է», կը պնդեն անոնք` հիմնուելով սահմանադրութեան թիւ 40 յօդուածի տրամադրութեանց վրայ, ըստ որոնց` «դատաւորը կրնայ հրաժարիլ տուեալ հարցէ մը միայն այն պարագային, երբ հետաքննութեան երթը արգելակող գործօններ յայտնուին:

Փոխադարձաբար, հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապի եւ մեղադրեալ նախկին նախարարներու հասցէին արձակուած հարցաքննութեան կոչերու քայլը դատապարտող կեցուածքները շարունակուեցան` անձէն անդին անոր ներկայացուցած հանգամանքը թիրախաւորող երեւոյթը «քաղաքական ճնշումի սադրանք» նկատելով: Իրենց կարգին, անոնք յիշեցուցին հանգուցեալ Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքին ընդվզումը, թէ` «հանրապետութեան նախագահի հանգամանքը անձեռնմխելի է», երբ օրուան նախագահ Էմիլ Լահուտի հասցէին հարցաքննութեան կոչ ուղղուած էր Հարիրիի սպանութեան առիթով: Անոնք իրենց վարկածը կը հիմնաւորեն սահմանադրութեան թիւ 70 յօդուածի տրամադրութեան հիմամբ, ըստ որուն «պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներ հարցաքննութեան կ՛ենթարկուին իրենց ստանձնած պարտականութեանց մէջ թերացման կամ գերագոյն դաւաճանութեան պարագային»:

Սահմանադրութեան համապատասխան յօդուածներու վրայ իրենց գրաւը դրած «հակադիր» կողմերուն միջեւ տարակարծութեան այս մթնոլորտին մէջ հետաքրքրական է, թէ այսօր ի՞նչ եզրայանգում պիտի դասաւորուի հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապի հարցաքննութեան կոչին գծով: Իրազեկ աղբիւրներու կարծիքով` Տիապ ո՛չ տրամադիր է ընդունելու դատաւոր Սուուանը, ո՛չ ալ պատրաստակամ է ինք երթալու անոր մօտ: Ան նոյնիսկ փոխադրուած է իր սեփական բնակարանը եւ խիստ անհրաժեշտ հարցերու գծով կը ներկայանայ վարչապետարան: Տիապի մօտիկ աղբիւրներ անոր այս քայլը վերագրեցին ապահովական սպառնալիքներու գծով մտավախութիւններէ մեկնած  կանխազգուշութեան` միաժամանակ հանգստացնելով, թէ շօշափելի տուեալներ չկան ապահովական վտանգի գծով: Այս գծով օրէնսդրական մեկնաբանութիւններու շարքը կ՛երկարի: Յառաջիկայ օրերը (եթէ ոչ ժամերը) կը յստակացնեն այս «թնճուկը» եւս:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Կառավարութեան Կազմութեան Ջանքերը Կը Յամենան

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.