Յաջորդաբար երկրորդ օրն ըլլալով` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը ստանձնած դատաւոր Ֆատի Սուուանի դատական հայցի կոչերը երէկ շարունակեցին առանցքը կազմել տարբեր կողմերու դրական թէ ժխտական կեցուածքներուն:
Արդարեւ, այն միջոցին, երբ կարգ մը կողմեր, յատկապէս` իրաւաբանական շրջանակներ ողջունեցին եւ խրախուսիչ կեցուածքներով դատախազ Սուուանէն խնդրեցին անշեղ շարունակել իր առաքելութիւնը, անդին այլ կողմեր քննադատական կեցուածքներու տարափ մը հրապարակեցին` նշեալ դատախազին քայլը նկատելով քաղաքական կեցուածքի դրսեւորում:
Այս ծիրին մէջ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի ուշագրաւ նախաձեռնութեամբ մը երէկ այցելեց վարչապետարան եւ կարճատեւ խորհրդակցութիւն ունեցաւ հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապի հետ: «Լիբանանցի ժողովուրդին իրաւունքն է իմանալ, թէ ո՞վ Պէյրութի նաւահանգիստ բերել տուաւ ամոնիոմ նիթրաթի նաւը եւ ծածկեց իր այդ քայլը, սակայն սահմանադրութեան անտեսումն ու վարչապետի հանգամանքին թիրախաւորումը մերժելի է, ու եկած եմ զօրակցութիւնս արտայայտելու (վարչապետ Հասսան) Տիապին» շեշտեց Հարիրի` վարչապետարանէն մեկնումի պահուն:
Նմանապէս, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տրիան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապի հետ եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց անոր:
Նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ իր կարգին, քննադատեց դատաւոր Սուուանի այս քայլը եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապին: «Վարչապետը քաւութեան նոխազ պէտք չէ դառնայ», ընդգծեց Սալամ:
Աշխատանքի նախկին նախարար Ղազի Զաայթեր եւս քննադատեց դատախազ Սուուանի քայլը եւ մամլոյ ասուլիս մը տալով փաստարկեալ հիմնաւորումներով բացայայտեց, թէ ինք զերծ է իր դէմ հասցէագրուած մեղադրանքներէն:
Հըզպալլա հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեց վարչապետ Տիապի եւ նախկին նախարարներու դէմ հասցէագրուած դատական հայցերը` միաժամանակ անհրաժեշտ նկատելով թափանցիկ ու պարկեշտ հետաքննութեան եւ իրականութեան բացայայտման ու յանցագործներու քողազերծման հրամայական պահանջը:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պետ Ուալիտ Ժոմպլաթ «Թուիթըր»-ի վրայ իր կատարած գրառումով յայտնեց, թէ` «Պէյրութի նաւահանգիստին գծով հետաքննութիւնը պէտք չէ կանգ առնէ սահմանադրական թէ համայնքային խոչընդոտներու առջեւ: Անիկա մարդկային ոճիր է Պէյրութի եւ համայն Լիբանանի դէմ: Յիշեցէ՛ք, մենք պահանջեցինք այս հարցը միջազգային դատարան ներկայացնել»:
Արաբական Թաուհիտ կուսակցութեան պետ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ դրուատեց նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիին կողմէ Տիապի նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութեան նախաձեռնութիւնը` զայն «ազնիւ քայլ» որակելով:
Այս բոլորի լոյսին տակ հարցական է, թէ յառաջիկայ երկուշաբթի օր հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապ պիտի ընդունի՞ տեսակցիլ դատախազ Ֆատի Սուուանի հետ, որ «ժամադրուած» է վարչապետարան այցելել Տիապը հարցաքննելու համար: