Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 16, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԽԱԳԱՀ Միշել Աուն երէկ ընդունեց ճաշարաններու եւ գիշերային զբօսավայրերու պատկան պատասխանատուներ Ժան Պէյրութին եւ Թոնի Ռամին` ներկայութեամբ երեսփոխան Էտի Մաալուֆի: Խօսակցութեանց առանցքը կազմեց նշեալ զբօսավայրերու գործելաձեւին գծով պարտադրուող կանխազգուշական կաշկանդումներու մեղմացումը, յատկապէս` տօնական օրերու շրջանին: Թոնի Ռամի առաջարկեց գիշերային զբօսավայրերը բաց պահել մինչեւ կանուխ առաւօտեան ժամը 3:00, փոխան գիշերուան ժամը 11:00-ին: Փոխադարձաբար անոնք խոստացան կարգապահութեամբ կիրարկել կանխազգուշական միջոցառումները` քթակապէն մինչեւ հեռաւորութեան պահպանումն ու պարելու արգելքը:

ԵՐԷԿ գիշեր խումբ մը ցուցարարներ քարերով եւ գաւազաններով ուղղուեցան Պէյրութի Ուաթա Մսայթպէ շրջանին մէջ գտնուող լիբանանեան պատկերասփիւռի «Ժատիտ» կայանի մուտքը` վիրաւորական արտայայտութիւններ բացագանչելով նշեալ կայանի տնօրէն Թահսին Խայեաթի եւ լուրերու պատասխանատու խմբագիր Մարիամ Պասսամի հասցէին: Ըստ «Ժատիտ» կայանին, յարձակողները կը պատկանէին արտաքին գործոց նախկին նախարար Ժըպրան Պասիլի գլխաւորած Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան:

ՆԱՊԱԹԻԷԻ մէջ հրատապ հարցերու դատաւոր Ահմետ Մզհեր «Ֆրանսա պանք»-ի մասնաճիւղի տնօրէնութեան ստիպեց Պիելոռուսիոյ մէջ լիբանանցի ուսանողի ծնողքին հատուցել նախապէս իր  պահ դրած 4 հազար տոլարի գումարը: Այլապէս` ուշացումի իւրաքանչիւր օրուան համար 30 միլիոն լիբ. ոսկիի տուգանք պարտի վճարել ծնողքին:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար երէկ մամլոյ ասուլիս մը տալով յայտարարեց, որ պատկան կողմերուն հետ խորհրդակցութիւններէ ետք որոշած են յետաձգել բողոքի այն ցոյցը, որ նախատեսուած էր այսօր: Ասմար այս որոշումը հիմնաւորեց կարգ մը տարրական նիւթերու, յատկապէս` ալիւրի եւ ցորենի գծով պետական նիւթական աջակցութեան շարունակման խոստումներով: Ան յայտնեց, որ այս բոլորը ժամանակաւոր է ու «մեր բողոքի «զէնքը» դարձեալ պիտի գործածենք, եթէ չյարգուին խոստումները»:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ գիտութեան նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպ երէկ սեփական մարզի համալսարաններու պատկան մարմիններէն պահանջեց անփոփոխ պահել ուսանողներու կրթաթոշակին գծով տոլարին սակագինը, զայն հաշուելով 1515 լիբ. ոսկի:

Այս ծիրին մէջ ուսանողներու ծնողներ դարձեալ բողոքի ցոյց կազմակերպեցին պահանջելով թոշակի հաշուարկին մէջ տոլարի գանձումի սակագինին` յստակացումը բարենպաստ ձեւով: Նմանապէս, անոնք պահանջեցին իրենց պահ դրած տոլարի գումարները իրենց վերադարձնել «թարմ» տոլարով:

 

Նախորդը

«Առաջին Անգամն Է, Որ Չեմ Կարող Անմիջականօրէն Կրծքիս Սեղմել Զաւակիս Ու Ջերմօրէն Համբուրելով` Շնորհաւորանքի Խօսք Ասել». Միքայէլ Հաջեան

Յաջորդը

Մտալլալի. «Շնորհաւորութիւննե՛ր Լիբանան. Աշխարհ Տակաւին Կը Սիրէ Քեզ»

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.