Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Եւ Կառավարութեան Կազմութեան Հարցերը Առանցքը Կազմեցին Քաղաքական Ղեկավար Շրջանակներու Միջեւ Ծագած Բանավէճին

Դեկտեմբեր 15, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութեան կազմութեան հարցին գծով ծագած տարակարծութիւնը երէկ շարունակուեցաւ աւելի սուր բնոյթով: Արդարեւ, Պաապտայի նախագահական պալատին ու նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի մամլոյ գրասենեակին միջեւ փոխադարձ հաղորդագրութիւններու հրապարակումը բացայայտեց կազմութեան ձգձգումի ետին կանգնող խոչընդոտներն ու անոնց ծալքերը: Փաստօրէն այն միջոցին, երբ օրէնսդրական իրազեկ աղբիւրներ հիմնաւորեալ փաստարկներով պաշտպանեցին նախագահ Միշել Աունի կեցուածքը եւ անոր պարզած վարկածը, անդին նշանակեալ վարչապետ Հարիրիի տեսակէտին գծով կարգ մը շրջանակներ հաղորդագրութեամբ վերահաստատեցին վարչապետի հեղինակութեան հանգամանքը: Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ էր Հարիրիի նախանձախնդրութիւնը` առաւելագոյն փութկոտութեամբ մօտենալու հարցին` նախագահ Աունին եւ յատկապէս անոր խորհրդականներուն վերագրելով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի սխալ ընթացքը: Իր կարգին, նախագահ Աուն եւ իր համակիրները շեշտեցին, թէ նախագահը նախանձախնդիր է, որ կառավարութեան կազմութիւնը նշանակեալ վարչապետի (անկախ անոր ինքնութենէն) առանձնաշնորհումը չդառնայ, եւ հարցերը հարթուին համախոհութեամբ:

Այս մթնոլորտի լոյսին տակ քաղաքական շրջանակներ երէկ շարունակեցին շեշտել կառավարութեան կազմութեան հրամայական պահանջը: Փաստօրէն, «գործօն» կառավարութիւնն է այն «բանալի» ազդակը, որ պիտի վերաշխուժացնէ երկրի բարեփոխման ու քաղաքացիներու կարիքներու հետապնդման եւ լուծման հոլովոյթի մեկնարկը:

Աւելի՛ն, քաղաքական-տնտեսական խթաններու կողքին կայ նաեւ ապահովական մղձաւանջը, որուն ահազանգը վերջերս յաճախակիօրէն կրկնուեցաւ քաղաքական, ապահովական, տեղական թէ արտաքին աղբիւրներու կողմէ: Այս իմաստով, ուշագրաւ էր վերջին օրերուն քաղաքական մեկնաբան Ճոնի Մնայարի յօդուածը ապահովական վտանգի սպառնալիքին շուրջ, ուր հիմնական դեր ունին իսրայէլեան «կողմեր»:  Ըստ Մնայարի, իսրայէլեան քոմանտօ մը վերջերս Ժիէի մէջ էջք կատարած է: Գնդապետ-զօրավար Մուսթաֆա Համտան «խիստ վտանգաւոր» նկատեց Ճոնի Մնայարի նշեալ մեկնաբանական յօդուածին տեղեկութիւնները` ապահովական պատկան կողմերու ուշադրութեան յանձնելով անպայման նկատի ունենալու այդ զարգացումները, երկրի ապահովութեան հսկողութեան իմաստով:  Նմանապէս` իրազեկ աղբիւրներու համաձայն, հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապի պաշտպանութեան յատուկ ապահովական տարրեր յաջողած են կանխարգիլել Տիապի դէմ ուղղուած մահափորձի երկու գործողութիւններ:

Իրերու այս դրութեան մէջ, խիստ հրամայական կը դառնայ կառավարութեան կազմութիւնը, գէթ նախքան Ֆրանսայի նախագահին Պէյրութ այցելութիւնը:

Նաեւ` Պէյրութի Նաւահանգիստի
Պայթումին Գծով

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին գծով դատաւոր Ֆատի Սուուանի ներկայացուցած դատական հայցերը երէկ նոյնքան կարեւորութեամբ, առանցքը կազմեցին առնչակից կողմերու տարակարծիք կեցուածքներուն: Փաստօրէն, հաւաստի աղբիւրներու համաձայն, հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապ մերժած է ընդունիլ դատաւոր Սուուանը,  ինչպէս նաեւ ան կը մերժէ հարցաքննութեան ներկայանալ դատաւորին մօտ: Նմանապէս` մեղադրեալ աշխատանքի նախկին նախարարները իրենց կարգին մերժեցին դատական հարցաքննութեան ներկայանալ` «Սուուան կը խախտէ սահմանադրական տրամադրութիւնները» հիմնաւորումով: Այս գծով եւս միաժամանակ երկու կողմերուն` դատաւորին եւ մեղադրեալներուն  զօրակցող կեցուածքները շարունակուեցան: Նախկին վարչապետներու համախմբումը հաղորդագրութեամբ մը դատապարտեց «վարչապետին հանգամանքը անտեսող» կեցուածքը: Նախկին վարչապետներ Սաատ Հարիրի, Թամմամ Սալամ, Նեժիպ Միքաթի զօրակցութիւն յայտնեցին Տիապին` մերժելով անոր հարցաքննութեան հաւանականութիւնը:

Իսկ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ Ուալիտ Ժոմպլաթ պահանջեց բոլորի՛ն հարցաքննութիւնը, ներառեալ` հանրապետութեան նախագահը: Ժոմպլաթ շեշտեց, որ «երկիրը դէպի անդունդ կը գլորի»:

Նախորդը

Վարդինէ Օհանեան. «Ուսանողական Տոլարի Օրէնքին Անտեսումով Կարծէք Կարգ Մը Համալսարաններ Կը Քանդեն Մեր Երիտասարդութիւնը»

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Նոր Տարուան Առիթով Կոչ Կ’ուղղէ Օգնելու Արցախի Մանուկներուն

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?