Նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ կառավարութեան կազմի սեւագիրի ներկայացումէն ետք, քուլիսային խորհրդակցութիւններ կատարուեցան ստուգելու սեւագիրի բովանդակութեան «պատգամը»: Փաստօրէն եւ ըստ նախագահ Միշել Աունի մօտիկ աղբիւրներուն, նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի նախագահ Աունին ներկայացուցած է կառավարութեան կազմի 18 հոգինոց անուանացանկ մը, որուն ինն անուններու ինքնութիւնը արդէն որոշած է, այն հիմնաւորումով, որ կառավարութեան կազմութեան լիազօրութիւնը վերապահուած է նշանակեալ վարչապետին: Իսկ նախագահ Միշել Աունի շրջանակներ մեծ զարմանքով հետեւեցան այս մեկնաբանութեան` յիշեցնելով, որ 1990-ին սէուտական Թաէֆ քաղաքին մէջ գումարուած ժողովին ու անկէ բխած Թաէֆի համաձայնագիրի տրամադրութեանց հիմամբ, նախագահին հետ խորհրդակցաբար կը կազմուի կառավարութիւնը, ուր նախագահը ինք եւս իրաւասու է նախարարներու անուններ որոշելու: Սահմանադրութեան եւ Թաէֆի համաձայնագիրի տրամադրութեանց գործնական մեկնաբանութեանց շուրջ ծագած տարակարծութիւնը ճեղք մը բացաւ կառավարութեան կազմութեան համախոհական պատրաստակամութեամբ մեկնարկած ճիգերուն մէջ:
Հարիրիի աղբիւրներուն համաձայն, ան առաւելագոյնը երկու օրուան պայմանաժամ տուած է նախագահ Աունի` սերտելու իր ներկայացուցած կազմին սեւագիրը: Փոխադարձաբար, նախագահ Աուն իր տուած ցանկին գծով կ՛ակնկալէ, որ Հարիրի դրական քայլով ընդառաջէ ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին:
Անկախ նախագահին եւ նշանակեալ վարչապետին միջեւ տիրող այս տարակարծութենէն, դժգոհ կողմեր իրենց ընդվզումն ու յուսախաբութիւնը արտայայտեցին կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին գծով: Արաբական Թաուհիտ կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ իր կարգին ձայնակցելով Ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի «բողոքին»` «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ կատարած գրառումով յայտնեց, որ «Թաէֆի համաձայնագիրէն ի վեր առաջին անգամն է, որ տիւրզի համայնքը այսպէս կ՛անտեսուի»: «Պիտի չլռենք» շեշտեց Ուահապ: Իսկ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պետ Ուալիտ Ժոմպլաթ իր յուսախաբութիւնը արտայայտեց` ըսելով, թէ «սպասուած սպիտակ ծուխը պիտի ուշանայ»:
Իրերու այս դրութեան մէջ իրազեկ աղբիւրներ հաւանական նկատեցին, որ կառավարութեան կազմութեան վճռումը յետաձգուի յառաջիկայ շաբթուան:
Իսկ լիբանանցիք կը սպասեն, որ առնուազն փոխադարձ համախոհութեան կեցուածքներով «այս հարցը լուծուի» եւ իբրեւ կաղանդչէք հրամցուի իրենց: Փաստօրէն, քաղաքացիք համոզուած են, որ երկրի քաղաքական, բարգաւաճման թէ բարեկարգման հիմնական որոշումներու գործադրութեան «բանալին» կը կայանայ կառավարութեան կազմութեան մէջ, որ իբրեւ պաշտօնական լիիրաւ յանձնառու կողմ` կրնայ գործադրել ցարդ թուղթի վրայ մնացած բարեփոխման խոստումները, հետեւաբար խոստմնալից նախաքայլ մը ըլլալ քաղաքացիներու անմիջական կարիքներու հոգածութեան գծով:
Նմանապէս կը նախատեսուի, որ քուլիսային խորհրդակցութիւնները հրապարակային ելոյթներէ ու լուսարձակէ հեռու շարունակուին եւ դրական եզրայանգումի հասնին նախքան Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի Լիբանան այցելութիւնը` 21 դեկտեմբերին:



