Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղմկայարոյց Նախընթաց Մը Կազմելով` Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Գծով Դատական Հարցաքննութեան Կոչեր

December 11, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դատական հարցաքննութեանց ծիրին մէջ, անցնող 4 օգոստոսին Լիբանանը ցնցած եւ հարիւրաւոր զոհեր ու ծանր կորուստներ պատճառած Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումին հետաքննութիւնը ստանձնած դատաւոր Ֆատի Սուուան, երէկ նախընթաց մը կազմելով` հարցաքննութեան կոչ ուղղեց երկրի բարձրաստիճան պատասխանատուներու` հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապի, աշխատանքի նախկին երկու նախարարներու` Եուսեֆ Ֆինիանոսի եւ Ղազի Զաայթերի եւ ելեւմուտքի նախկին նախարար Ալի Հասան Խալիլի հասցէին` իրենց պաշտօնավարութեան ընթացքին թերացման եւ անփութութեան մեղադրանքներով:

Դատական գերագոյն խորհուրդը հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ սահմանադրական օրէնքի տրամադրութեանց հիման վրայ, դատախազ Սուուան յառաջիկայ երկուշաբթի պիտի այցելէ վարչապետարան, ուր պիտի հարցաքննէ հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապը: Իսկ մեղադրեալ նախարարները դատարան պիտի ներկայանան հերթաբար` յառաջիկայ երկուշաբթի, երեքշաբթի եւ չորեքշաբթի օրերը:

Օրին, պայթումէն հինգ օր ետք դէպքին ծալքերուն շուրջ խոստացուած բացատրութիւնը հինգ ամիս ետք դատական հայցով ներկայացաւ երկրի իշխանութեանց դէմ, փոխադարձ մեղադրանքներով կուտակուած` զգալի աղմուկ բարձրացնելով խնդրոյ առարկայ կողմերուն եւ առհասարակ քաղաքական ընտրանիին մօտ: Իր հաղորդագրութեան մէջ Դատական գերագոյն խորհուրդը հաստատեց, որ նախապէս` 24 նոյեմբեր 2020-ին խորհրդարան յղած է յուշագիր մը` կարգ մը կասկածելի անձնաւորութիւններու անձեռնմխելիութեան վերացման պահանջով, սակայն խորհրդարանի ղեկավարութիւնը մերժած են ընդառաջել` առարկելով, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին գծով մեղադրելի անձնաւորութիւն չկայ խորհրդարանի կազմին մէջ:

Դատաւոր Սուուան նոյն հարցով երեք ժամ տեւողութեամբ հարցաքննած է առնչակից նախկին ապահովական պատասխանատուներէն գնդապետ Թոնի Սալիպան:

Հակազդելով իր հասցէին ուղղուած մեղադրանքին` հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապ իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց` շեշտելով, որ ինք կապ չունի նշեալ պայթումին հետ, եւ իր «խիղճը հանգիստ է»: Տիապ փոխադարձաբար քննադատեց դատախազ Սուուանը, թէ ան անտեսած է սահմանադրութեան տրամադրութիւնները եւ անձէն անդին վարչապետի՛ն հանգամանքն է, որ թիրախաւորած է: «Ասիկա արտօնելի չէ եւ վերջակէտ», շեշտեց Տիապ: Նոյն ծիրին մէջ, խորհրդարանական «Ազատագրում եւ բարգաւաճում» պլոքի անդամ, ելեւմուտքի նախկին նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, թէ իրենք միշտ յայտնած են, որ օրէնքի տրամադրութեան տակ են:

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի քննադատեց դատախազ Սուուանի այս քայլը` նշելով, որ «երկու չափ, երկու կշիռ» քաղաքականութեամբ արդարութիւն չի հաստատուիր: Այլ աղբիւրներ հարցադրումներ կատարեցին, թէ նախագահ Միշել Աուն եւս պաշտօնապէս տեղեակ պահուած էր նաւահանգիստին մէջ վտանգաւոր պայթուցիկ ամոնիոմ նիթրաթի գոյութեան մասին, արդ «ինչո՞ւ ինք ալ հարցաքննութեան չ՛ենթարկուիր»:

«Այս խմորը բաւական ջուր պիտի վերցնէ», կ՛ըսէ առածը, եւ իրապէս` նախընթաց կազմող դատական այս հարցը կրնայ փոխադարձ «ցեխարձակումներու» դուռ բանալ եւ հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը վրիպեցնել ոչ նուազ կարեւոր` կառավարութեան կազմութեան հրամայական պահանջէն: Փաստօրէն, դատական նշեալ խորհուրդը կը նշէ, թէ իր հետաքննութեանց ընթացքին կապ պահած է առնչակից տեղական թէ արտաքին պատկան մարմիններուն հետ, յաւելեալ ճշգրիտ տեղեկութիւններու հայցով: Սակայն ֆրանսական կողմը , որ միաժամանակ ի՛ր հետաքննութիւնը կը կատարէ, պատասխանած է, որ դէպքին գծով արբանեակային նկարահանումներու արդիւնքները հազիւ յառաջիկայ փետրուար-մարտ 2021-ին կը հրապարակուին, նմանապէս եւ քննութեանց եզրայանգումները:

Այս գծով քաղաքական մեկնաբան Սալեմ Զահրան զգուշացուց, որ յառաջիկայ փետրուար եւ մարտ ամիսները խիստ զգայուն, վտանգաւոր կը նկատուին Լիբանանի համար: Զահրան դատաւոր Սուուանին թելադրեց կարդալ ֆրանսական հետաքննութեանց տեղեկագիրը: Անոր այս զգուշացումները կը զուգադիպին ապահովական այլ աղբիւրներու զգուշացումներուն, ըստ որոնց, խոր մտավախութիւն կայ` նահատակ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան պայթումին տարողութիւնը գերազանցելիք ապահովական ցնցումներու գծով:

Լիբանանցիի առօրեայ քաղաքական, առողջապահական, տնտեսական, ապրուստի եւ առհասարակ կենցաղային մտահոգութիւններուն վրայ աւելցաւ «անկոչ հիւր» մը եւս, որ նոյնքան մտահոգիչ մղձաւանջի կրնայ մատնել քաղաքացիին կեանքը:

Նախորդը

Կառավարութեան Կազմութիւնը Առկախուեցաւ

Յաջորդը

Սէյրան Օհանեան Իշխանութեան Շարունակութիւնը Մեծ Վտանգ Նկատեց Հայաստանի Անկախութեան, Սահմաններուն Եւ Բնակիչներուն

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.