Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հետաքննութեանց Ծիրին Մէջ. Դատախազ Սուուան Այսօր Պիտի Հարցաքննէ Մեղադրեալ Նախարարները, Իսկ Տիապը` Ուրբաթ Օր

December 16, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին գծով հարցաքննութեան ներկայանալու  իրենց մերժողական կեցուածքին` դատախազ Ֆատի Սուուան վճռած է այսօր` չորեքշաբթի, 16 դեկտեմբերին հարցաքննել աշխատանքի երկու նախկին նախարարներ Ղազի Զաայթերը եւ Ալի Հասան Խալիլը: Անոնք երրորդ մեղադրեալ` աշխատանքի նախկին նախարար  Եուսեֆ Ֆինիանոսի հետ խորհրդարանի անդամ են եւ մասնագիտութեամբ իրաւաբան: Դատախազ Սուուան իր քայլը կը հիմնաւորէ սահմանադրական օրէնքի տրամաբանութեամբ: Փոխադարձաբար, նախկին նախարարները կը մերժեն հարցաքննութեան ներկայանալ սահմանադրական իրե՛նց համընկնող օրէնքի տրամաբանութեամբ: Այս հաւանականութեան գծով հարցումի մը անդրադառնալով` Սուուան նշած էր ոստիկաններու միջոցով զանոնք «բերման ենթարկելու» հարկադրանքը: Իսկ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի մերժած էր դատախազ Սուուանի կողմէ նման քայլի ընդառաջել:

Նմանապէս, նոյնքան վճռական են հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապ եւ դատախազ Ֆատի Սուուան` հարցաքննութենէն խուսափելու եւ հարցաքննութիւնը կայացնելու գծով: Տիապի հարցաքննութեան թուական որոշուած է ուրբաթ առաւօտուն: Յառաջիկայ ժամերուն այս առնչութեամբ յստակացումները կը պարզուին: Այլապէս` հարցականներ կը ծագին, թէ դատախազ Սուուան որքա՞ն կրնայ տոկալ նման մարտահրաւէրներու դիմաց եւ արդեօք կը նախընտրէ՞ տեղի տալ եւ լքել իրեն վստահուած այս յանձնառութիւնը:

Նշենք, որ աշխատանքի մեղադրեալ նախկին նախարար Եուսեֆ Ֆինիանոս երէկ ներկայացաւ դատարան, եւ կարճատեւ տեսակցութենէ ետք հարցաքննութիւնը յետաձգուած յայտարարուեցաւ: Հարցաքննութեան նոր թուականը պիտի յայտարարուի, երբ այս մասին որոշում տրուի հետագային:

Այս մթնոլորտին մէջ, հանգստեան կոչուած զինուորականներ համախմբուեցան դատարանի մուտքին` առ ի զօրակցութիւն դատաւոր Ֆատի Սուուանի:

Միլատ Նատտաֆի Ընտանիքը Կը Հերքէ

Այս միջոցին, յատկապէս` ընկերային ցանցերու մէջ վերջերս հրապարակուած է Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին գծով մեղադրեալ գնդապետ Միլատ Նատտաֆի ձայնագրութիւնը, ուր ան կը խոստովանի, թէ հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպայի որոշումով ի՛նք է, որ հրահանգած է ճեղք մը բանալ նաւահանգիստի պայթումին պատճառ դարձած պայթուցիկ ամոնիում նիթրաթը պարունակած պահեստարանի պատին վրայ: Նատտաֆի ընտանիքը հաղորդագրութեամբ մը կտրուկ կերպով հերքեց այդ տեղեկութիւնները` զանոնք որակելով շինծու յերիւրանքներ, որ կը միտի նսեմացնել գնդապետ Նատտաֆի հանգամանքը:

Նմանապէս, Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հաղորդագրութեամբ մը հերքեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեանց հոլովոյթին մասին շրջան ընող տեղեկութիւնները, որոնք անճիշդ են եւ կը միտին շեղել իրականութիւնը:

«Աւետիս» Մը` Պայթումէն Վնասուած
Բնակարաններու Բնակիչներուն

Միւս կողմէ, դրամատնային աղբիւր մը յայտնեց, թէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն վնասուած բնակիչներուն յատուկ վարկեր պիտի յատկացուին` վերանորոգելու համար պայթումէն վնասուած իրենց բնակարանները:

 

Նախորդը

Բրիտանիոյ Դեսպանին Հրաժեշտի Այցելութիւնը Ընդունելով` Նախագահ Աուն Շեշտեց Արտաքին Օժանդակութեան Անհրաժեշտութիւնը

Յաջորդը

Հին Շէնը Ապաշրջափակուած Է

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.