Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Փետրուար 3, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան որոշումով մէկ կապ լիբանանեան հացին սակը սղեցաւ 500 լ. ոսկիով եւ դարձաւ 2500 լ. ոսկի: Նկատի ունենալով, որ հացին սակը ուղղակիօրէն կապուած է ցորենի սակին եւ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին արժեզրկումին, կը նախատեսուի, որ մօտիկ ապագային մէկ կապ հացին սակը հասնի 3000 լ. ոսկիի, իսկ ոչ հեռաւոր ապագային` 5000 լ. ոսկիի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդարանը երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Մար Մարունի առիթով մատուցուելիք Ս. պատարագը այս տարի առցանց պիտի ըլլայ` առանց պաշտօնական եւ ժողովրդային ներկայութեան: Ս. պատարագը պիտի մատուցուի երեքշաբթի, 9 փետրուար 2021-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին: Այդ պատարագը ուղղակի եթերով պիտի սփռուի պատկերասփիւռի կայաններէն եւ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իսրաէյլեան հետախուզական 4 օդանաւեր եւ երկու կործանիչներ երէկ թռիչքներ գործած են Լիբանանի վերեւ` խախտելով երկրին օդային սահմանները:

ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Նասեր Ատրան եւ Խալետ Թահան նշանակեց Մուսթաքպալ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամներ:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ռամզի Մշարրաֆիէ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Չինաստանի կողմէ Լիբանանի մատուցուած օժանդակութիւնները: Քիճիան հաստատեց, որ Չինաստան պիտի շարունակէ զօրակցիլ եւ օժանդակել Լիբանանին:

ՆԱԽԿԻՆ փոխվարչապետ Իսամ Ֆարես երէկ գուժեց երեսփոխան Միշել Մըրի մահը` հաստատելով, որ ան Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ իր մատնահետքերը ձգած է: Ֆարես հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախկին նախարար Էլիաս Մըրի հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոր հօր մահուան սուգին առիթով:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ ցաւակցագիր մը յղեց Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին, Թուրքի պըն Նասեր պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ իշխանի մահուան սուգին առիթով: Ան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախկին նախարար Էլիաս Մըրի հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոր հօր` երեսփոխան Միշել Մըրի մահուան սուգին առիթով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց քաղաքական ուժերուն կարգ մը քաղաքական շահերէ հրաժարելու եւ լիբանանցիներու հսկայական կարիքներուն ընդառաջելու` անյապաղ կազմելով նոր կառավարութիւնը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Նազիհ Նաժըմ ցաւ յայտնեց, որ Լիբանանը կորսնցուցած են, եւ տակաւին ոմանք կը խօսին կառավարութեան մէջ իրենց չափաբաժիններուն մասին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի յապաղումը կ՛ամրապնդէ երկրին համայնքային դրութիւնը: Ան կոչ ուղղեց վերջ տալու կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդի չափաբաժինը ունենալու պահանջին` հաստատելով, որ եթէ կառավարութիւնը աշխատանքային իր ծրագիրին մէջ իրաւական հաշուեքննութիւնը նկատի չունենայ, ապա Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքը իր վստահութեան քուէն պիտի չշնորհէ կառավարութեան:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Փիեռ Պու Ասի շեշտեց, որ երկրին իշխանութեան տրամադրութեան մէջ նոր կառավարութիւն մը կազմելու ոչ մէկ ցուցանիշ կ՛երեւայ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց կազմելու փրկութեան կառավարութիւն մը, որ Լիբանան հայրենիքը կարենայ դուրս բերել դաւադրութիւններու ճահիճէն:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ ամբողջ շրջանը կը գտնուի բարելաւուած պայմաններու դիմաց: Ուահապ շեշտեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շրջանին մէջ իր դերակատարութիւնը պիտի կասեցնէ` Իրանի արձանագրելիք յառաջխաղացքին դիմաց: «Պէտք է օգտուիլ այս պայմաններէն եւ վստահիլ ֆրանսական նախաձեռնութեան, որ միակ ելքն է», ըսաւ ան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Անուար Խալիլ հաստատեց, որ Լիբանան ընկերային հրաբուխի մը վրայ կը գտնուի` աւելցնելով, որ այդ հրաբուխը կրնայ լիբանանեան գոյացութիւնը վերացնել:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ շեշտեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ արձանագրուած հեռաձայնային հաղորդակցութեան լոյսին տակ կարելի է հաստատել, որ Լիբանանի մէջ կազմուելիք կառավարութիւնը պիտի ըլլայ մասնագիտական-քաղաքական բնոյթի կառավարութիւն: Ան հարց տուաւ, թէ արդեօք Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան գաղտնաբառը բացայայտա՞ծ է: «Արդեօք Մաքրոն Միացեալ Նահանգներու հաւանութիւնը ստացա՞ւ` կառավարութեան մէջ Հըզպալլայի ներկայացուցչութեան առումով, կամ Ուաշինկթընին խոստացա՞ւ իրաւական հաշուեքննութեան թղթածրարը չբանալ: Աստուած օգնէ ազատ, անկախ, գերիշխան ու բարգաւաճ Լիբանանին», ըսաւ ան:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թրիփոլիի դէպքերը դաւադրութիւններ չեն, այլ` անօթի ժողովուրդին յեղափոխութիւնը: Ան հաստատեց, որ Թրիփոլի անտեսուած է եւ անիկա տնտեսական տագնապին, անգործութեան ու աղքատութեան գինն է, որ կը վճարէ: Ժեմայէլ հաստատեց, որ Թրիփոլիի դէպքերուն պատասխանատուն տիրող լիբանանեան վարչակարգն է: Նշենք, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան քաղաքական գրասենեակը երէկուան իր առցանց նիստէն ետք զօրակցութիւն յայտնեց Թրիփոլիի ըմբոստացումին եւ զգուշացուց երեսփոխանական ընտրութեամբ գալիք փոփոխութիւնը ջրելէն` հաստատելով, որ լիբանանցիները իրենց փրկութիւնը որոշող իրաւունքէն պիտի չզիջին:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Էտի Ապի Լամաա յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն լիբանանեան բանակը թիրախ դարձնել` հաստատելով, որ կան քաղաքական ուժեր ու կողմեր, որոնք Թրիփոլիին չարիք կը ցանկան:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման երէկ ընդունեց ֆրանսական դեսպանատան զինուորական կցորդ Ֆապրիս Կրոսիրը, որուն հետ քննարկեց ապահովական առումով երկկողմանի գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները:

ԱՆԿԱԽ նասըրականներու խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան հաստատեց, որ լիբանանեան բանակն է, որ կը պաշտպանէ եւ կ՛երաշխաւորէ հայրենիքին ապահովական կայունութիւնը:

Նախորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը

Յաջորդը

Ապպաս Մուրթատա Ընդգծեց Եգիպտոսի Հետ Գործակցութեան Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?