Լիբանանեան

Կանց. «Նասրալլա Լաւ Գիտէ, Որ Զինամթերքի  Պահեստանոցները Կը Վտանգեն  Քաղաքացիներուն Կեանքը»

Կանց. «Նասրալլա Լաւ Գիտէ, Որ Զինամթերքի Պահեստանոցները Կը Վտանգեն Քաղաքացիներուն Կեանքը»

Իսրայէլեան օդուժը երէկ թռիչքներ գործեց Նապաթիէի, Պընթ Ժպէյլի, Մերժահիունի եւ Իքլիմ Թուֆահի վերեւ` կատարելով կեղծ յարձակումներ: Միւս կողմէ, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերը պիտի չվարանին թիրախ դարձնել իսրայէլեան սահմանամերձ շրջաններուն մօտ գտնուող իրանեան ջոկատները: «Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա լաւ գիտէ, որ զինամթերքի եւ հրթիռներու պահեստանոցներու կառուցումը, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան զինեալ կարողութիւններուն ամրապնդումը զինք եւ...

Շամմաս. «Եթէ Մեր Մարզը Հարուած Ստանայ,  Ապա Պետութիւնը Պիտի Ձախողի Ընկերային  Եւ Առողջապահական Իր Պատասխանատուութիւնները  Ստանձնել»

Շամմաս. «Եթէ Մեր Մարզը Հարուած Ստանայ, Ապա Պետութիւնը Պիտի Ձախողի Ընկերային Եւ Առողջապահական Իր Պատասխանատուութիւնները Ստանձնել»

Պէյրութի առեւտրականներու միութեան նախագահ Նիքոլա Շամմաս երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութիւնը կը ստիպէ առեւտրական խանութներն ու վաճառատուները փակ պահել, մինչ կ՛արտօնէ համաճարակի տարածումին առումով ամէնէն աւելի վտանգաւոր վայրերուն բացումը: Ան նշեց, որ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաուլ Նաամէ իրենց մարզին հանդէպ բարի նպատակներ չի տածեր, ընդհակառակն` զիրենք պատասխանատու կը նկատէ «Քորոնա» ժահրի տարածումին առումով: «Այլեւս կարելի չէ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան համաձայն, Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը անցնող 24 ժամուան ընթացքին հասաւ 3157-ի, իսկ մահացածներունը` 66-ի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 500 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենիզինի սակը` 400 լ. ոսկիով, իսկ մազութը` 400 լ. ոսկիով: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի երէկ ընդունեց Միջազգային...

aztag-f

Մամլոյ Արձակուրդ

Մար Մարունի տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ չորեքշաբթի, 10 փետրուար 2021-ին: Մեր յաջորդ թիւը` հինգշաբթի, 11 փետրուար 2021-ին:

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Կը Գուժէ Ժան Օպէյտի Մահը

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Կը Գուժէ Ժան Օպէյտի Մահը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ հետեւեալ գրութեամբ գուժեց երեսփոխան Ժան Օպէյտի մահը. «Լիբանան կորսնցուց ազգային մեծ անձնաւորութիւն մը, իսկ արաբական աշխարհը` արաբական դատի բուռն պաշտպաններէն մէկը: Ժան Օպէյտ քաղաքական գործիչը, մարդը, երկխօսութեան հաւատացող անձնաւորութիւնը, զարգացածն ու Լիբանանի երիտասարդութեան նկատմամբ վստահութիւն տածողը: Կորսնցուցի իսկական բարեկամ մը եւ քաղաքականութեան, պատմութեան ու քաղաքակրթութեան անկեղծ հեղինակութիւն մը: Աստուած հոգիդ լուսաւորէ,...

Քաղաքական Չափաւորականութեան Ու Համախոհութեան  Խորհրդանիշ Ժան Օպէյտ Մահացաւ

Քաղաքական Չափաւորականութեան Ու Համախոհութեան Խորհրդանիշ Ժան Օպէյտ Մահացաւ

Երեսփոխան եւ նախկին նախարար Ժան Օպէյտ երէկ կնքեց իր մահկանացուն: 82 տարեկան քաղաքական անձնաւորութիւնը կեանքէն հեռացաւ «Քորոնա» համաճարակին պատճառով` առանց իրականացնելու նախագահական իր երազը: Օպէյտի կորուստով Լիբանան կորսնցուց ազգային ազնուական անձնաւորութիւն մը, որ իմաստուն էր, երկխօսութեան ռահվիրայ, ինչպէս նաեւ քաղաքական չափաւորականութեան ու համախոհութեան խորհրդանիշ: Օպէյտ ծնած է 1939-ին: Իբրեւ իրաւաբան աւարտած է Սեն Ժոզեֆ համալսարանը: Աշխատակցած է զանազան օրաթերթերու եւ...

Նախագահ Աուն Իմացաւ Պէյրութի Նաւահանգիստին Մէջ  Գտնուող Պայթուցիկ Նիւթերը Գերմանիա  Տեղափոխելու Պատրաստակամութիւնը

Նախագահ Աուն Իմացաւ Պէյրութի Նաւահանգիստին Մէջ Գտնուող Պայթուցիկ Նիւթերը Գերմանիա Տեղափոխելու Պատրաստակամութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Անտրէաս Քինտըլը, որմէ իմացաւ, թէ «Քոմպի լիֆթ» գերմանական ընկերութիւնը Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք այդտեղ գտնուող 52 բեռնարկղ պայթուցիկ նիւթերը տեղաւորած է եւ պատրաստ է զանոնք տեղափոխելու Գերմանիա: Այս առումով Քինտըլ նախագահ Աունէն խնդրեց միջամտել, որպէսզի վերոնշեալ պէտք եղած վճարումները կատարուին, որպէսզի ան կարենայ իր աշխատանքը կատարել...

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Կը Պահանջենք Լիբանանի  Կայունութեան Ամրապնդումին Նպաստող Ազգային  Եւ Միջազգային Յանձնառութիւն Մը»

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Կը Պահանջենք Լիբանանի Կայունութեան Ամրապնդումին Նպաստող Ազգային Եւ Միջազգային Յանձնառութիւն Մը»

Ֆրանչիսկոս պապը երէկ Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի մէջ ծառայող դիւանագիտական անձնակազմին հետ: Հանդիպումին ընթացքին ան տարբեր երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչներէն պահանջեց Լիբանանի կայունութեան ամրապնդումին նպաստող ազգային եւ միջազգային յանձնառութիւն մը` աւելցնելով, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ իր ազգային ինքնութիւնը կորսնցնելու եւ շրջանային լարուածութիւններու միջամուխ դառնալու վտանգը: Ֆրանչիսկոս պապը հաստատեց, որ Մայրիներու երկիրը պէտք է պահպանէ իր իւրայատուկ ինքնութիւնը` երաշխաւորելու համար...

Ուեհպէ. «Շիա Չհամոզեց Զիս Պասիլի Դէմ  Հաստատուած Պատժամիջոցներուն Մասին  Ներկայացուցած Դրդապատճառներով»

Ուեհպէ. «Մեր Միացեալ Շահերուն Նկատմամբ Մեր Յանձնառութիւնը Շրջանին Ապահովութիւնն Ու Բարգաւաճումը Ապահովելու Հիմնասիւներէն Է»

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ երէկ մասնակցեցաւ Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած Արաբական լիկայի անդամ երկիրներու արաբ արտաքին գործոց նախարարներու արտակարգ նիստին: Ուեհպէ նշեց, որ Գահիրէի մէջ գումարուող արտակարգ այս նիստը կը զուգադիպի միջազգային եւ շրջանային զարգացումներու` հաստատելով, որ տիրող հակասական յայտարարութիւններուն ծիրին մէջ անհրաժեշտ է վերահաստատել Պաղեստինեան դատին լուծման առաջնահերթութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխատիլ, որ միջազգային...

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Ազգային  Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան  Մէկ Պատուիրակութիւնը

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխան Ժորժ Աթալլա, նախկին նախարար Մանսուր Պթէյշ, քաղաքական հարցերով կուսակցութեան փոխնախագահ Մայ Խրէյշ եւ կուսակցութեան ղեկավարի խորհրդատու Անթուան Քոսթանթին: Հանդիպումէն ետք Պթէյշ յայտնեց, որ Մար Մարունի տօնին առիթով այցելած են Ռայի պատրիարքին` շնորհաւորութիւններ փոխանցելու եւ այս պատմական տօնին առիթով Պքերքէէն քաղելու դասեր,...

Կրիօ Այցելեց Տիւրզի Եւ  Շիի Համայնքներու Հոգեւոր Պետերուն

Կրիօ Այցելեց Տիւրզի Եւ Շիի Համայնքներու Հոգեւոր Պետերուն

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ երէկ այցելեց տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ տարբեր մակարդակներու վրայ երկրին սպառնացող վտանգներն ու մտահոգութիւնները: Հասան դրուատեց Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան համար շարունակուող ֆրանսական ճիգերը, որոնք կը միտին երկիրը իր դիմագրաւած տագնապներէն դուրս բերել: Կրիօ իր կարգին հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը պէտք է իրենց կեցուածքներու...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՊԷՅՐՈՒԹԻ նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը ստանձնած դատախազ Ֆատի Սուուան պիտի վերսկսի հետաքննական իր աշխատանքներուն, որոնց շրջագիծին մէջ ան պիտի հարցաքննէ լիբանանեան բանակի նախկին հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին: ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան համաձայն, Լիբանանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով վարակման 2063 եւ մահուան 61 պարագաներ: ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդը կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն հետեւելու խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած...

Կարգ Մը Յաւելեալ Բացառութիւններով Երկրին  Ամբողջական Փակումը Կը Շարունակուի

Կարգ Մը Յաւելեալ Բացառութիւններով Երկրին Ամբողջական Փակումը Կը Շարունակուի

Այս Որոշումին Դէմ Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակուին Կառավարութեան որոշումով Լիբանանի ամբողջական փակումը պիտի շարունակուի յառաջիկայ ութ շաբաթներուն ընթացքին, սակայն յաւելեալ բացառութիւններով: Արտօնութեամբ տունէն դուրս ելլելու դրութիւնը պիտի շարունակուի, իսկ այսօրուընէ սկսեալ հանրախանութները պիտի բացուին, պայմանով որ քաղաքացիները արտօնութիւն ստանան եւ ապա ուղղուին հանրախանութ ու ճշդուած ժամուն աւարտեն իրենց առեւտուրը: Զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որ կը նշէ, թէ ճաշարաններուն...

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան  Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Փոխըմբռնումի  Համաձայնագիրը` 15 Տարի Ետք

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Փոխըմբռնումի Համաձայնագիրը` 15 Տարի Ետք

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ 6 փետրուար 2006-ին Մար Մխայել եկեղեցւոյ մէջ ստորագրուած փոխըմբռնումի համաձայնագիրը արդէն իսկ 15 տարեկան է: Այդ համաձայնագիրը եղած է հաստատուն եւ վստահելիութիւնը պահպանած` լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ արձանագրելով որոշ արդիւնքներ, բայց եւ այնպէս համաձայնագիրի ստորագրութենէն 15 տարի ետք, զոյգ քաղաքական ուժերը կարիք կը տեսնեն այդ համաձայնութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու, անոր բովանդակած կէտերը բարեփոխելու եւ...

Պըրրի. «Կառավարութեան Կազմութեան  Նախաձեռնութիւնս Տակաւին Առկայ Է»

Պըրրի. «Կառավարութեան Կազմութեան Նախաձեռնութիւնս Տակաւին Առկայ Է»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով իր առաջադրած նախաձեռնութիւնը տակաւին առկայ է, եւ զայն յետս կոչելու հաւանականութիւններ չկան: Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան առումով ամերիկեան-ֆրանսական կեցուածքները լաւ են` աւելցնելով, որ ամերիկացիները կը զօրակցին ֆրանսական նախաձեռնութեան եւ ջանքերուն: «Բայց եւ այնպէս իբրեւ լիբանանցիներ գնդակը մեր դաշտին վրայ է, ու նախ եւ առաջ պատասխանատուութիւնը...

Ռայի Պատրիարքը Լիբանանցի Ղեկավարներուն.  «Պետութիւնը Ձեր Սեփականութիւնը Չէ,  Ո՛չ Ալ Ժողովուրդը Ձեր Հօտն Է, Որուն Կրնաք Մորթել`  Ձեր Շահերու Սպանդանոցին Մէջ»

Ռայի Պատրիարքը Լիբանանցի Ղեկավարներուն. «Պետութիւնը Ձեր Սեփականութիւնը Չէ, Ո՛չ Ալ Ժողովուրդը Ձեր Հօտն Է, Որուն Կրնաք Մորթել` Ձեր Շահերու Սպանդանոցին Մէջ»

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ ան իր խօսքը ուղղելով լիբանանցի ղեկավարներուն հաստատեց, որ պետութիւնը անոնց սեփականութիւնը չէ, ո՛չ ալ ժողովուրդը անոնց հօտն է, որուն կրնան մորթել` իրենց շահերու եւ անտարբերութեան սպանդանոցին մէջ: Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Լիբանան քայքայուած ու փլուզուած իրավիճակի մէջ կը գտնուի, եւ անոր հարցը պէտք...

Բանակը Կը Բացայայտէ Թմրեցուցիչի  Գործարան Մը Եւ Կը Ձերբակալէ ՏԱՀԵՇ-ականներ

Բանակը Կը Բացայայտէ Թմրեցուցիչի Գործարան Մը Եւ Կը Ձերբակալէ ՏԱՀԵՇ-ականներ

Լիբանանեան բանակը շաբաթավերջին Տէյր Ահմարի մէջ բացայայտեց թմրեցուցիչի գործարան մը եւ ձերբակալեց հոն աշխատող երկու սուրիացի կիներ: Բանակը գործարանէն գրաւեց երկու բեռնակառք հաշիշ եւ մէկ բեռնակառք կանեփ, ինչպէս նաեւ սարքեր եւ գործիքներ, որոնք կ՛օգտագործուին հաշիշի պատրաստութեան համար: Այս մասին հետաքննութիւն բացուեցաւ, իսկ ձերբակալեալները յանձնուեցան համապատասխան դատական ատեանին: Միւս կողմէ, բանակը Արսալի մէջ ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի անդամ երկու սուրիացիներ: Նշենք, որ անցնող...

Ուեհպէ. «Շիա Չհամոզեց Զիս Պասիլի Դէմ  Հաստատուած Պատժամիջոցներուն Մասին  Ներկայացուցած Դրդապատճառներով»

Ուեհպէ Մեկնեցաւ Գահիրէ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ երէկ մեկնեցաւ Գահիրէ, ուր Լիբանանը պիտի ներկայացնէ Արաբական լիկայի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու արտակարգ նիստին, որ պիտի գումարուի այսօր: Նիստին քննարկուելիք օրակարգի հիմնական կէտը Պաղեստինեան դատին նկատմամբ արաբական զօրակցութիւնն է: Եգիպտոսի մէջ Ուեհպէ հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի հետ` իմանալու համար Արաբական լիկայի մակարդակով...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Հասսան Տիապ շաբաթավերջին ընդունեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Միշել Նաժժարը եւ Պէյրութի նաւահանգիստի ընդհանուր տնօրէն Պասեմ Քայսին: Քննարկուեցաւ նաւահանգիստին պարզած իրավիճակը: Տիապ դրուատեց Քայսիի ի գործ դրած ջանքերը եւ անոր պաշտօնը երեք ամիսով երկարաձգեց: ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ մտաւորական եւ քաղաքացիական գործիչ Լոքման Սլիմի քոյրը` Ռաշա Էմիր հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ Սլիմի ընտանիքը իր զաւկին սպանութեան հարցով...

Կառավարութեան Կազմութիւնը  Առկախուեցաւ

Տնտեսական Գահավիժումի Եւ Ապահովական Մտավախութիւններու Լոյսին Տակ. Կոչեր` Կառավարութեան Կազմութեան Հրամայական Պահանջին Գծով

Տնտեսական կացութեան արձանագրած յարաճուն նահանջին, ապրուստի պայմաններու վատթարացման, «Քորոնա» ժահրի համավարակին պարտադրած գրեթէ ամբողջական անշարժութեան ու տեղքայլին լոյսին տակ, երկրին իրավիճակը օր ըստ օրէ առաւել եւս մտահոգիչ կը դառնայ, ինչ որ կը սպառնայ ժողովրդային համընդհանուր պոռթկումի պայթուցիկ կացութեան: Իսկ ապահովական խլրտումները եւ հերթական սպանութիւններու յաճախակիօրէն կրկնութիւնը վերջին ամիսներուն`  նոյնքան մտահոգիչ սպառնալիք կը ներկայացնեն, յատկապէս` երկիրը ապահովական քաոսի մղել սպառնացող` քաղաքական...

Page 436 of 988 1 … 435 436 437 … 988

Արխիւներ