Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Նամակ Մը Ստացաւ Եգիպտոսի Նախագահ Սիսիէն

Փետրուար 3, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որմէ ստացաւ նամակ մը եգիպտացի իր պաշտօնակիցէն` Ապտել Ֆաթթահ Սիսիէն:

Եգիպտոսի նախագահը նախագահ Աունին յայտնեց իր բարեմաղթութիւնները, ինչպէս նաեւ խնդրեց, որ Լիբանան աջակցի Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարութիւնը երկրորդ նստաշրջանի մը համար ստանձնելու նպատակով Ահմետ Ապուլ Ղէյթի թեկնածութեան` նկատի ունենալով արաբական հարցերուն եւ թղթածրարներուն ի խնդիր արաբական միասնականութեան ամրապնդման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի հետ գործակցութիւնը աշխուժացնելու նպատակով անոր իրագործած աշխատանքը, ջանքերն ու նուիրուածութիւնը:

Սիսի իր նամակին մէջ բարձր գնահատեց Ապուլ Ղէյթի աշխատանքը` առաջարկելով, որ լիբանանեան իշխանութիւնները Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը գործուղեն 3 մարտ 2021-ի նիստին Ապուլ Ղէյթի թեկնածութեան զօրակցելու:

Նշենք, որ հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն եւ Ալաուի քննարկեցին լիբանանեան-եգիպտական երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ բոլոր մարզերուն մէջ զանոնք ամրապնդելու միջոցները:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն: Քննարկուեցան ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Շուֆի կարիքները:

Պաապտայի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ, որ նախագահ Աունի հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող զարգացումներն ու երկիրը իր դիմագրաւած տագնապներէն դուրս բերելու լուծումները:

Սէյիտ նշեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է նաեւ Պեքաայի մէջ տիրող ապահովական խախուտ իրավիճակը` ընդգծելով այդ դժուար իրավիճակը լուծելու համար յստակ ցուցմունքներ տալու կարեւորութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Պեքաան զինուորական շրջան է:

Նախորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Արգելակելու Պատասխանատուութիւնը Նախագահ Աունը Նկատելու Ծրագրուած Արշաւ Մը Կայ»

Յաջորդը

Անցնող 24 Ժամուան Ընթացքին «Քորոնա» Ժահրին Պատճառով Արձանագրուած Են 81 Մահացածներ

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»
Լիբանանեան

Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?