Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ասմար. «Կը Մերժենք Հացի Եւ Մազութի Սակերուն Բարձրացումը»

February 4, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար անդրադարձաւ հացի եւ մազութի սակերու բարձրացումին` նկատել տալով, որ ամէնօրեայ դրութեամբ արձանագրուող սղաճին առընթեր` երկրին իշխանութիւնն ու ելեւմուտքի պատասխանատուները ժողովուրդին եւ յատկապէս աշխատաւոր դասակարգին դիմագրաւած տնտեսական հսկայական տագնապները մեղմացնելու, դեղորայքի, վառելանիւթի եւ այլ ապրանքատեսակներու մաքսանենգները հետապնդելու փոխարէն, կը մշակէ ականուած ամավարկ մը, որ կրնայ տապալել վարչական եւ կրթական մարզերը:

Ասմար հաստատեց, որ այս վարչակազմը այսօր կը մեղսակցի լիբանանեան մէկ կապ հացին սակը 2500 լ. ոսկիի բարձրացնելու, իսկ մազութի թիթեղին սակը 20.000 լ. ոսկիի բարձրացնելու: «Այս բոլորը յստակ ցուցանիշներ են, թէ լիբանանեան իշխանութիւնները կ՛ուղղուին աստիճանաբար վերջ տալու սննդեղէնի համար լիբանանցիներուն տրամադրած իրենց նպաստին եւ քաղաքացիները դնելու կատարուած իրողութեան դիմաց: Անշուշտ այս բոլորին կողքին լիբանանեան դրամանիշին արժէքը վերահաստատելու առումով տնտեսական յստակ ծրագիր մը չկայ, ո՛չ ալ պետութենէն իւրացուած ու դուրս փոխանցուած գումարները վերադարձնելու եւ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարները վերադարձնելու ծրագիր կայ», ըսաւ ան:

Ասմար շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն մէկ կապ լիբանանեան հացին, մազութին եւ պիւթակազին սղաճը եւ անհրաժեշտ կը նկատեն կազմել յանձնախումբ մը` սերտելու համար հացի եւ վառելանիւթի սակերը:

Ան շեշտեց, որ երկրին մէջ արձանագրուած սղաճը անընդունելի է` աւելցնելով, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը սահմանադրական առումով կաշկանդուած է, իսկ առողջապահական առումով «Քորոնա»-ի համաճարակը կը դժուարացնէ անոր աշխատանքը:

«Կոչ կ՛ուղղեմ անմիջապէս կազմելու Շտապի կառավարութիւն մը, փրկութեան կառավարութիւն մը, վստահութեան կառավարութիւն մը, որ կարողութիւն ունենայ քայլեր առնելու` նախքան ամբողջական քանդումն ու քայքայումը», ընդգծեց Ասմար:

 

 

Նախորդը

Շիա. «Մեզմէ Մի՛ Ակնկալէք Կազմել Ձեր Կառավարութիւնը»

Յաջորդը

Լարշէ Պըրրիին. «Ֆրանսայի Ծերակոյտը Միշտ Նեցուկ Պիտի Կանգնի Լիբանանին»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.