Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Արգելակելու Պատասխանատուութիւնը Նախագահ Աունը Նկատելու Ծրագրուած Արշաւ Մը Կայ»

Փետրուար 3, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի առցանց ընթացիկ նիստին, որմէ ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ կայ ծրագրուած արշաւ մը, որուն նպատակն է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակելու պատասխանատուութիւնը վերագրել հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին եւ Հզօր Լիբանան համախմբումին:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ այդ արշաւը կը ծաւալի այն «ամբաստանութեամբ», որ նախագահ Աուն եւ համախմբումը կառավարութեան մէկ երրորդի չափաբաժինը կը պահանջեն, ինչ որ իրականութեան չի համապատասխաներ, մանաւանդ երբ կառավարութիւնը մասնագէտներէ բաղկացած պիտի ըլլայ եւ ոչ թէ քաղաքական անձնաւորութիւններէ:

«Համախմբումը միակն էր, որ Հասսան Տիապի կառավարութեան մէջ նշանակեց իսկապէս մասնագէտ եւ անկուսակցական նախարարներ, որոնք իրենց կեցուածքներով փաստեցին, որ անկախ են: Մենք` իբրեւ համախմբում, բոլոր դիւրութիւնները տրամադրած ենք, նոյնիսկ յայտնած ենք կառավարութեան մաս չկազմելու մեր պատրաստակամութիւնը, իսկ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով միակ պահանջը, որ ունեցած ենք, այդ ալ միացեալ չափանիշներու հիման վրայ կառավարութեան կազմութիւնն է, որպէսզի անոր շնորհենք մեր վստահութեան քուէն: Հետեւաբար կտրականապէս կը մերժենք նշանակուած վարչապետին ու անոր քաղաքական խմբաւորումին մղած արշաւը եւ այն քարոզչութիւնը, որ հանրապետութեան նախագահին դերակատարութիւնը միայն կառավարութեան կազմը վաւերացնելն է եւ ոչ թէ իրաւամբ մասնակցիլը` տուեալ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Անդրադառնալով Թրիփոլիի դէպքերուն` համախմբումը հաստատեց, որ անոնք կ՛ընդգրկեն վտանգաւոր ցուցանիշներ, որոնք կը փաստեն, թէ ոմանք ապրուստի ճնշող պայմանները կ՛օգտագործեն` ապահովական ցնցումներ պատճառելու միտումով:

Համախմբումը զգուշացուց, որ արտաքին որեւէ բեկում Լիբանանը կը վերածէ ահաբեկչական շանթաժի դաշտի` աւելցնելով, որ այս եզրակացութիւնը գոյացած է Թրիփոլիի մէջ կատարուած ձերբակալութիւններուն լոյսին տակ:

Համախմբումը կոչ ուղղեց բոլոր պատասխանատուներուն նկատի ունենալու ներկայ փուլին վտանգները եւ պէտք եղած լրջութեամբ դիմակայելու զանոնք:

 

 

Նախորդը

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հետաքննութիւնը Պիտի Շարունակուի Երկրին Ամբողջական Փակումի Աւարտէն Ետք

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Նամակ Մը Ստացաւ Եգիպտոսի Նախագահ Սիսիէն

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»
Լիբանանեան

Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?