Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Փետրուար 8, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Հասսան Տիապ շաբաթավերջին ընդունեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Միշել Նաժժարը եւ Պէյրութի նաւահանգիստի ընդհանուր տնօրէն Պասեմ Քայսին: Քննարկուեցաւ նաւահանգիստին պարզած իրավիճակը: Տիապ դրուատեց Քայսիի ի գործ դրած ջանքերը եւ անոր պաշտօնը երեք ամիսով երկարաձգեց:

ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ մտաւորական եւ քաղաքացիական գործիչ Լոքման Սլիմի քոյրը` Ռաշա Էմիր հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ Սլիմի ընտանիքը իր զաւկին սպանութեան հարցով միջազգային դատարանին չի փափաքիր դիմել, որովհետեւ իրեն համար ոճրագործը յստակ է:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդարանը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ մարոնի եկեղեցիները փակ պիտի մնան մինչեւ 22 մարտ 2021: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, թէ մատուցուելիք բոլոր պատարագները առցանց պիտի սփռուին, Մեծ պահքին վերաբերող եկեղեցական բոլոր արարողութիւնները , ինչպէս նաեւ թափօրները եւ պսակադրութեան արարողութիւնները ջնջուած են, իսկ յուղարկաւորութիւնները պիտի կատարուին միայն հանգուցեալի ընտանիքին սահմանափակ թիւով ներկայութեան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Տարուիշ յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական լարուածութիւնն ու բախումները իրենց ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենան կառավարութեան կազմութեան վրայ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ֆատի Սաատ յայտնեց, որ Լիբանան առանց նաւապետի նաւ մըն է` աւելցնելով, որ իրենք մտահոգ են սպանութիւններու լեզուին վերադարձով:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով լուրջ քայլեր չկան` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ գործակցութեամբ կարելի չեղաւ պետութիւն կերտել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հանգոյցները ներքին լիբանանեան են` աւելցնելով, որ կարելի չէ այդ թնճուկները արտաքին նկատել եւ անոնց ետին թաքնուիլ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի փոխնախագահ, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ լիբանանցի մտաւորական եւ քաղաքացիական գործիչ Լոքման Սլիմ կ՛աշխատէր այնպիսի թղթածրարի մը վրայ, որ կը վերաբերէր Հըզպալլայի կողմէ դրամի լուացումի պարագաներու:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Աթալլա հաստատեց, որ Հըզպալլա չէ կրցած քայլ պահել Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ` լիբանանեան պետութեան կերտումին եւ փտածութեան դէմ օրէնքներ վաւերացնելու իմաստով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուալիտ Սըքքարիէ յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ հարցը համայնքային ներկայացուցչութեան խնդիր է եւ քրիստոնեայ համայնքին իրաւունքները ոտնակոխելու մտավախութեան հարց:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի խորհրդատու Անթուան Քոսթանթին հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլայի հետ փոխըմբռնումի համաձայնագիրը դրական իմաստով վերատեսութեան կարիք ունի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Խաուաժա յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան տագնապը լուծելու նշոյլներ գոյութիւն ունին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին առնչութեամբ ձերբակալուած ու բանտարկուած զինուորականները անարդար կերպով եւ առանց հիմնաւորումի արգելափակուած պահելը գայթակղութիւն մըն է, որ կարելի չէ հանդուրժել:

ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի յայտնեց, որ Լիբանան կարիք ունի կառավարական ծրագիրի մը, որ երկրին զարթօնքն ու բարգաւաճումը ապահովէ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Էտի Ապի Լամաա հաստատեց, որ յառաջիկայ փուլը Լիբանանի համար պիտի ըլլայ աղէտալի փուլ մը` ցաւ յայտնելով, որ պատասխանատուները կը գտնուին այդ կացութիւնը ժխտելու իրավիճակին մէջ: Ան շեշտեց, որ մասնագէտ նախարարներէ բաղկացող կառավարութիւն մը չկազմելը երկիրը պիտի վերադարձնէ զերօ կէտին:

 

Նախորդը

Փորձեցէք Գիշերները Քնանալ

Յաջորդը

Ուեհպէ Մեկնեցաւ Գահիրէ

RelatedPosts

Բագրատունի Այցելեց Արտաքին  Գործոց Նախարար Եուսեֆ Ռաժժիին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Արտաքին Գործոց Նախարար Եուսեֆ Ռաժժիին

Մայիս 16, 2025
«Լիբանանի Կողքին Կը Կանգնինք, Եւ Կը Դատապարտենք  Անոր Գերիշխանութեան Վրայ Իսրայէլեան  Իրերայաջորդ Յարձակումները»  Կ՛ըսէ Իրաքի Արտաքին Գործոց Նախարարը
Լիբանանեան

«Լիբանանի Կողքին Կը Կանգնինք, Եւ Կը Դատապարտենք Անոր Գերիշխանութեան Վրայ Իսրայէլեան Իրերայաջորդ Յարձակումները» Կ՛ըսէ Իրաքի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Մայիս 16, 2025
«Թրամփի Շրջան Այցելութիւնը Շատ Կարեւոր Է, Եւ Անկասկած Լիբանանի Թղթածրարը  Բանակցութեան Սեղանին Է»  Կ՛ըսէ Եգիպտոսի Դեսպանը
Լիբանանեան

«Թրամփի Շրջան Այցելութիւնը Շատ Կարեւոր Է, Եւ Անկասկած Լիբանանի Թղթածրարը Բանակցութեան Սեղանին Է» Կ՛ըսէ Եգիպտոսի Դեսպանը

Մայիս 16, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?