Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ երէկ մեկնեցաւ Գահիրէ, ուր Լիբանանը պիտի ներկայացնէ Արաբական լիկայի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու արտակարգ նիստին, որ պիտի գումարուի այսօր:
Նիստին քննարկուելիք օրակարգի հիմնական կէտը Պաղեստինեան դատին նկատմամբ արաբական զօրակցութիւնն է:
Եգիպտոսի մէջ Ուեհպէ հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի հետ` իմանալու համար Արաբական լիկայի մակարդակով գումարուելիք նիստին եւ 2002-ին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովին ընթացքին Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան կառչած մնալու անհրաժեշտութեան:
Ուեհպէ այցելեց նաեւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-եգիպտական յարաբերութիւնները, երկկողմանի միացեալ հարցերը, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի կողմէ Լիբանանի օժանդակութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ` նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած ծանր իրավիճակն ու արտակարգ տագնապը: